ՊԱՔՈՒ, «Փանորամա».- Ըստ Ատրպէյճանի Լիպերալ կուսակցութեան ղեկավար Աւեզ Թեմիրխանի, ԱՄՆ համաժողովը իր նիւթական յատկացումներով Ատրպէյճանին կ՛ուզէ հասկցնել, որ ինքը Ղարաբաղը չի համարեր իբրեւ Ատրպէյճանի բաղկացուցիչ տարածք, որ ըստ իրեն արժանի է քննադատութեան:
Կուսակցութեան ղեկավարը նշած է, որ իրենք ամերիկացի դիւանագէտներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին այս հարցը յաճախ բարձրացուցած են, սակայն Ուաշինկթընը տակաւին կը շարունակէ իր նիւթական օժանդակութիւնները Հայաստանին եւ Ղարաբաղին:
Ատրպէյճանի մէջ նաեւ նշած են, որ եթէ ԱՄՆ նիւթական օգնութիւն կը տրամադրէ, Ատրպէյճանը ինք պէտք է որոշէ թէ որ ոլորտին մէջ պիտի օգտագործէ զայն։ Նմանատիպ տարբերակներ, սակայն, ԱՄՆի մէջ ընդհանրապէս չի քննարկուիր: