ՄՈՍԿՈՒԱ, «Պի.Պի.Սի.».- ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆող Ռասմուսըն Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին ըսաւ, որ հարկ չի տեսներ Եւրոպայի մէջ ապահովական նոր ուխտի մը, որ առաջադրուած է Ռուսիոյ կողմէ: Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումներէ ետք, Ռասմուսըն կոչ ուղղեց Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕի եւ Ռուսիոյ միջեւ յաւելեալ գործակցութեան, սակայն Մոսկուայի առաջարկած Եւրոպայի մէջ ապահովական նոր ուխտի մը հանդէպ խանդավառութիւն ցոյց չտուաւ։
Իր կարգին, Մոսկուա դրական պատասխան չտուաւ Աֆղանիստանի գործողութեան յաւելեալ աջակցութիւն ցուցաբերելու ՆԱԹՕի խնդրանքին: