ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
1935ի Դեկտեմբեր 19ին, Փարիզի մէջ, 70 տարեկան հասակին աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներէն Լեւոն Թադէոսեան, որ իր գաղափարական ու բարոյական առաքինութեան եւ անձնուէր ծառայութեան համար արժանացաւ «Պապաշա» (ռուսերէն՝ հայրիկ) անուանումին։
Թէ՛ գաղափարի իր ընկերներուն, թէ՛ մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն համար իսկական «Հայրիկ» եղաւ Լեւոն Թադէոսեան։ Ապրեցաւ ու գործեց իբրեւ բոլորին «Հայրիկ»ը՝ իր անսահման բարութեամբ ու անձնազոհութեամբ, ընկերասիրութեամբ ու մարդասիրութեամբ, պարզութեամբ ու հաւատարմութեամբ, սկզբունքայնութեամբ ու անշահախնդրութեամբ։
Քրիստափոր Միքայէլեանի քրոջ որդին էր Լեւոն, ծնած՝ Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս գիւղը, 1865 թուականի Փետրուար 2ին։ Հայրը վաճառական էր եւ խանութ ունէր æաքաթալայի մէջ, որ բաւական հեռու էր Ագուլիսէն։ Երեք տարին մէկ անգամ կու գար Ագուլիս՝ տեսնելու ընտանիքը եւ այդ պատճառով ալ, ինչպէս Պապաշայի կենսագրութեան մէջ Սիմոն Վրացեան կը նշէ, երեք եղբայր եւ մէկ քոյր Թադէոսեանները իրարմէ երեք տարուան տարբերութիւն ունէին։ Լեւոն անդրանիկն էր տան, Սամսոն՝ միջնեկը, իսկ Յովսէփ՝ կրտսերը։ Երեքն ալ հանրային եւ յեղափոխական անուանի դէմքեր եղան հայ իրականութեան մէջ։
Իրենց հօր բացակայութեան, Թադէոսեան եղբայրները կազմաւորուեցան իրենց մօր շունչով, որ իր զաւակներուն զգաստացնելու եւ ուղղելու համար կը դիմէր «Քրիստափոր քեռիին»։ Թէեւ այնքան ալ մեծ չէր տարիքի տարբերութիւնը Քրիստափորի եւ իր քրոջ որդիներուն միջեւ, այսուհանդերձ՝ իր անհատականութեան ու հասունութեան շնորհիւ, Քրիստափոր օրինակելի տիպար եւ առաջնորդող հեղինակութիւն մը եղաւ Թադէոսեան եղբայրներուն, յատկապէս Լեւոնի համար։
Պապաշա իր տարրական կրթութիւնը ստացաւ Ագուլիսի ծխական վարժարանին մէջ՝ ուսուցիչ ունենալով Րաֆֆին։ Այնուհետեւ, Քրիստափորի օրինակին հետեւելով, գիւղի հոգաբարձութեան ծախսերով ուղարկուեցաւ քեռիին մօտ, Թիֆլիս, «Ներսիսեան» վարժարանին մէջ ուսումը ամբողջացնելու եւ Ագուլիս վերադառնալով չորս տարի գիւղին մէջ ուսուցչութիւն ընելու յանձնառութեամբ։ Հայրը կանխահաս մահ ունեցաւ, Թադէոսեանները որբացան եւ Լեւոն պատանի հասակէն իր վրայ վերցուց ընտանիքի հոգը։
Աստուածավախ եւ հաւատացեալ էր Լեւոն, որ Քրիստոսի մէջ մարմնաւորուած կը տեսնէր յանուն մարդկութեան եւ հասարակութեան ազատագրումին իր անձն ու կեանքը նուիրաբերող մեծ մարդասէրն ու ընկերային գործիչը։ Այդ ներշնչումով ալ Պապաշայի մտածողութեան եւ նկարագրին մէջ ամուր տեղ գրաւեցին սեփական ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու եւ ցաւերը ամոքելու հոգածութիւնն ու անձնուիրումը։
1883ին, ցարական ոստիկանութիւնը փակեց հայոց ծխական վարժարանները։ Քրիստափորի յորդորվ, Լեւոն անցաւ Գանձակ, ուր թեմական վարժարանին մէջ ուսուցչութեան լծուեցաւ, բայց շուտով բախում ունեցաւ տեղւոյն կղերամիտ եւ պահպանողական մտայնութեանց հետ։ Էջմիածնէն՝ Մակար Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ, կրթական յատուկ քննիչ ուղարկուեցաւ Գանձակ։ Ըմբոստ աշակերտութիւնն ու ուսուցիչները պատժելու իր կարգադրութեանց ճամբով, Էջմիածնի առաքած քննիչը Լեւոն Թադէոսեանին զրկեց ոչ միայն տեղւոյն դպրոցին մէջ, այլեւ՝ որեւէ թեմական վարժարանի մէջ պաշտօնավարելու եւ դասաւանդելու իրաւունքէն։ Այդպիսով վերջ գտաւ ուսուցչական ասպարէզը Պապաշայի համար, որ այնուհետեւ հաշուապահական իր ընդունակութիւններով նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ՝ միաժամանակ նուիրուելով հետզհետէ թափ ստացող հայ յեղափոխական շարժման։
1890ականներուն Պապաշա աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովներուն եւ սկզբնական կազմակերպումի քայլերուն։ Անբաժան գործակիցը դարձաւ Քրիստափորի, որ Լեւոնի մէջ գտած էր ոչ միայն ժողովուրդի լայն խաւերուն հետ հաղորդակցելու եւ վստահութիւն ներշնչելու բարոյական մեծ դրամագլուխի տէր յեղափոխականը, այլեւ՝ կազմակերպական անդուլ աշխատանքի, անշահախնդրութեան, անկաշառ նկարագրի եւ տնտեսումի բացառիկ ընդունակութիւններով օժտուած գործիչը։
Լեւոն Թադէոսեանի դաշնակցական եւ ազգային–հանրային գործունէութեան հիմնական ասպարէզը դարձաւ Պաքուն, ուր ան հաստատուեցաւ 1900ին եւ ուր անդուլ գործեց մինչեւ 1918ի Սեպտեմբերին քաղաքին գրաւումը թուրքերուն կողմէ։
Կովկասի նաւթարդիւնաբերութեան կեդրոն Պաքուն եւ ՀՅԴ Ոսկանապատի Կեդրոնական Կոմիտէն, այդ ժամանակաշրջանին, ընդհանրապէս կեդրոնական տեղ կը գրաւէին հայ իրականութեան մէջ։ Իսկ Լեւոն Թադէոսեան շուտով դարձաւ հայ ազգային–քաղաքական եւ ռուս աշխատաւորական–յեղափոխական վերիվայրումներու առանցքային դերակատարներէն մէկը, որոշ պարագաներու նաեւ «Հայրիկ»ը, որ հիմնական դեր ունեցաւ հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան պահպանման, ամրապնդման եւ ընդլայնման մէջ։ Պապաշայի դերակատարութիւնը մեծ եւ անփոխարինելի եղաւ թէ՛ «Փոթորիկ»ի ճամբով հայկական ազատամարտին մեծահարուստ հայերու նիւթական աջակցութիւնը ապահովելու գործին մէջ, թէ՛ Դաշնակցութիւնը ներքնապէս պառակտելու փորձերուն դիմագրաւման մէջ՝ 1904–1907 թուականներուն, թէ՛ հայ–թաթարական արիւնալի ընդհարումներու հանգրուանին՝ 1905ին, թէ՛ ցարական իշխանութեանց հակադաշնակցական հալածանքը ձախողութեան մատնելու ճակատին վրայ՝ 1908–1912 տարիներուն։ Պապաշա իր կարգին ձերբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ Ցարիզմին կողմէ, ճաշակեց Մետեխի բանտը, բայց անպարտ արձակուեցաւ Դաշնակցութեան Դատէն ետք եւ միշտ մնաց պատնէշի վրայ՝ ղեկավար մասնակցութիւն ունենալով, Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն, Պաքուի հերոսական ինքնապաշտպանութեան մէջ։
Պաքուի անկումէն ետք, ընտրուելով անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանի պատգամաւոր, Պապաշա տեղափոխուեցաւ Երեւան եւ մեծակշիռ գործ կատարեց խորհրդարանի ելեւմտական յանձնաժողովին խօսնակի իր պաշտօնավարութեամբ։ Հայոց նորահաստատ պետականութեան ելեւմտական հիմերու ամրապնդման մէջ հսկայական ներդրում ունեցաւ։ Երեւան մնաց մինչեւ 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան աւարտը, երբ անցաւ Ատրպատական՝ Թաւրիզ, ուր կարճ ժամանակ մը գործեց իբրեւ ՀՅԴ Գերագոյն Դատական Ատեանի անդամ, պաշտօն՝ որուն ընտրուած էր 1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ։
1923ին Պապաշա անցաւ Ժընեւ, ապա՝ Փարիզ, ուր ստանձնեց ՀՅԴ Կեդրոնական Դիւանի վարիչի պաշտօնը։ Բայց արդէն քայքայուած էր առողջութիւնը եւ 19 Դեկտեմբեր 1935ին ան բաժնուեցաւ մեր աշխարհէն՝ «Հայրիկ»ի հետեւեալ պատգամը կտակելով իր պաշտած Դաշնակցութեան.
– «Սիրեցէք իրար միշտ անկեղծօրէն եւ ներողամտաբար ուղղեցէք իրարու սխալներ, միշտ զսպեցէք ձեր ինքնասիրութիւնը, որ պզտիկ բաներից վեր մնաք» («Յուսաբեր», 25 Դեկտեմբեր 1935)։