ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12ի երեկոյեան ժամը 6:30ին, յատուկ արարողութեամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ սրահին:
Արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ: Օրուան հանդիսավարն էր տոքթ. Գուրգէն Մաթոսեան: Սեղաններուն օրհնութիւնը կատարեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան: Բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ սրահի վերանորոգման յանձնախումբի ատենապետ Ֆլորա Տունայեանց, ապա «Յովսէփեան» վարժարանի Դ. դասարանի աշակերտ Տէյվիտ Քէշիշեան բանաստեղծութիւն մը արտասանեց: Իր սրտի խօսքը ուղղեց Ծխական խորհուրդի ատենապետ Վահէ Իսկէնտէրեան:
Տէր Սարգիս ներկաներուն ծանօթացուց այս առիթով «Հայ Ոգի» (Hye-Spirit) շքանշանին արժանացող հայորդիները՝ Այվի Կրաշեան, տէր եւ տիկին Ռէյ եւ Անահիտ Պետեան, Նիշ Քաչաչեան, Սարգ Սահակեան, տոքթ. Գուրգէն Մաթոսեան, Յարութիւն Հիլալեան, Ալիս Իսկենտերեան, Ճօէն Մէյմարեան եւ Լուսի (Արշալոյս) Պենճ: Ապա, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան «Հայ Ոգի» շքանշանով, Օրհնութեան եւ Գնահատութեան վկայագրով պարգեւատրեց զիրենք՝ իր գոհունակութիւնը յայտնելով, որ անոնք երկար տարիներէ ի վեր զանազան մարզերէ ներս օգտակար ծառայութիւն կը մատուցանէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ: