ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Ըստ Հանրային հեռատեսիլի ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Ալեքսան Յարութիւնեանի, նոր տարուան իբրեւ անակնկալ՝ հանրութեան համար պատրաստուած է Րաֆֆիի «Խաչագողի յիշատակարան»ի արտասահմանեան նկարահանումը, որուն պիտի աւելնայ նաեւ տեղական պատրաստութիւնը։ Անոր հաւաստումով հանրութեան պիտի ներկայացուի նաեւ 8 մասերէ բաղկացած «Խաչատուր Աբովեան» շարժապատկերը՝ նուիրուած Աբովեանի ծննդեան 200 ամեակին, ինչպէս նաեւ «Յատուկ ջոկատ» շարժապատկերը։
Ըստ խորհուրդի նախագահին, նոր տարեշրջանի եթերը յագեցած պիտի ըլլայ նաեւ մարզական հաղորդումներով: