ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երէկ տպարան ուղարկուեցաւ «Ասպարէզ»ի Նոր տարուան յատուկ թիւը, որ կը բաղկանայ չորս մասերէ, երեքը հայերէնով, մէկը՝ անգլերէն:
Խմբագրութեան կազմած նախնական ծրագիրը կարելի չեղաւ ամբողջութեամբ իրագործել եւ մեր աշխատակիցներու յօդուածներէն ու նիւթերէն մէկ կարեւոր մասը չկրցանք տեղաւորել անոր մէջ, որու համար կը խնդրենք անոնց ներողամտութիւնը:
Տնտեսական ճգնաժամը այս պարագային չենք կրնար գործածել իբրեւ արդարացում: Արդարեւ մենք չկրցանք մեզ հասած բոլոր նիւթերը տեղաւորել որովհետեւ մեր նախատեսածէն աւելի եղան «Ասպարէզ»ի միջոցաւ իրենց բարեկամներուն ու հարազատներուն, ընդհանրապէս հայ համայնքին Նոր Տարուան շնորհաւորանքներ ու բարեմաղթանքներ փոխանցել ուզողներու թիւը, որ իրապէս հաճելի անակնկալ մը եղաւ մեզի:
Անշուշտ կը գիտակցինք, որ թէ գործարար հայորդիները, թէ միութիւններն ու հաստատութիւնները, որոնք ամէնքն ալ քիչ թէ շատ ազդուած են տնտեսական ճգնաժամէն, զոհաբերութեան ոգիով պատասխանեցին մեր դիմումներուն եւ այս տարի յատուկ զգայնութիւն ցոյց տալով ոչ միայն չխուսափեցան իրենց աջակցութիւնը տալէ «Ասպարէզ»ին, այլ աւելիով մասնակցեցան Նոր Տարուան թիւի հովանաւորման:
Շնորհակալութիւն բոլորին: Շնորհակալութիւն նաեւ մեր ընթերցողներուն կողմէ, որոնք կը գնահատեն թերթի շարունակականութեան ապահովման գծով մեր հովանաւորներու յստակ յանձնառութիւնը:
Դուրս մնացած նիւթերը մենք կը հրատարակենք այս գալիք տօնական օրերու մեր թիւերուն մէջ:
Մինչ այդ, Դեկտեմբեր 28 թուականը կրող յատուկ թիւը նամակատուն պիտի հասնի Դեկտեմբեր 24ին, բաւարար ժամանակ ապահովելով, որ Նոր Տարիէն շատ առաջ ստանաք զայն: Անցեալ տարուան ուշացումները ի մտի ունենալով է, որ այս տարի այսպէս կանուխ ճամբայ ելանք: Այս հրատարակութիւնը մեր առօրեայ թիւերէն ոեւէ մէկը չի փոխարիներ: Նաեւ, ի տարբերութիւն անցեալ տարիներու, յատուկ թիւը ձեզ պիտի նեկայանայ նոյն մեր օրաթերթի ձեւաչափով: Պարբերաթերթի կամ գիրքի նման գունաւոր հրատարակութիւնները պարզապէս շռայլք պիտի ըլլային այս պայմաններուն տակ:
Յատուկ թիւը երկու գլխաւոր բաժին ունի: Մէկ բաժինը, որ կը կազմէ յատուկ թիւի առաջին երկու մասերը, յօդուածներ են, ուր անդրադարձ կը կատարուի հայկական կեանքը յուզող գլխաւոր հարցի՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն, իսկ երրորդ մասը կը բաղկանայ Լոս Անճելըսի բանտերու մէջ գտնուող հայորդիներու վիճակի մասին ուսումմնասիրութենէ մը եւ հարցազրոյցներէ՝ հայ արուեստագէտներու եւ հասարակական գործիչներու հետ:
Մանկապատանեկան բաժին մը, որ յատկապէս պատրաստուած էր Ալին Պզտիկեանի կողմէ, պիտի տպենք մեր գալիք թիւերուն մէջ իբրեւ ներդիր, զայն նաեւ տրամադրելի դարձնելով առանձին՝ մանկապարտէզներու աշակերտներու համար: