ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս տարուան Ապրիլին սկսած հնաբանական պեղումներու ժամանակ, պուլկարական Վելիկօ Տիրնովօ քաղաքին մէջ յայտնաբերուած է 17րդ դարու հայկական եկեղեցի մը։ Պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած հայկական տառերով ու նախշազարդերով քարի կտորները կը հաստատեն, որ 17-20րդ դարերուն ընթացքին այդ տարածքին մէջ գործած է հայկական եկեղեցի:
Պուլկարիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը այժմ քայլեր կը ձեռնարկէ՝ հայկական եկեղեցին պետութեան պատմամշակութային արժէքաւոր կոթող ճանչնալու ուղղութեամբ:
Պեղումներէն առաջ՝ պատմաբանները գտած էին 1588ի փաստաթուղթ, ուր կ՛ըսուի, թէ նախապէս այդ վայրին մէջ եղած է կաթոլիկ եկեղեցի, այնուհետեւ այդ տարածքը գնած են Պուլկարիոյ մէջ բնակող հայերը եւ 17րդ դարուն՝ աւերակներու վրայ կառուցած են հայկական Սբ. Աստուածածին եկեղեցին: