Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պետրոս Ալահայտոյեան ծանօթ անուն է մեր մամուլի ընթերցողներուն ու երաժշտական արուեստի կալուածին հետեւողներու համար. 70ական տարիներէն ի վեր, ան Պէյրութի «Ազդակ»ին, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»ին ու այլ թերթերու էջերուն հետեւողական ներկայութիւն եղած է երաժշտագիտական իր յօդուածներով ու երաժշտական ձեռնարկներու (նաեւ արուեստի յարակից կալուածներու) գնահատական-քննադատական իր սիւնակներով։ Եւ առաջին իսկ օրէն, ընթերցողը զայն ճանչցած է իբրեւ երաժշտութեան, նա՛եւ հայկական երաժշտութեան հմուտ մասնագէտ, որ պատրաստ է գրիչի «սուրով» կրքոտ պայքար մղելու ազնիւ երգն ու հարազատ երաժշտութիւնը աղաւաղող ամէն հոսանքի դէմ. ան իր վաստակով արդարօրէն շահած է Մեծն Կոմիտասի, զայն կանխած ու անոր յաջորդած մեծերու հաւատարիմ մէկ հետեւորդը ըլլալու կոչումը։
Եւ ահա, Պետոս Ալահայտոյեան մեր սեղանին կը դնէ բանասիրական գեղեցիկ հատոր մը, «Բալուի (եւ տարածքաշրջանի) Երաժշտական Ազգագրական Հաւաքածոյ» ուսումնասիրութիւնը, որ կը մէկտեղէ աւելի քան 25 տարիներու երախտաշատ աշխատանքի մը արդիւնքը։
Եթէ ոչ իր բնոյթով, գոնէ մատուցման որոշ ձեւերով աննախընթաց ու արժէքաւոր հրատարակութիւն մըն է այս հաւաքածոն, որ առանց բառեր գործածելու, նաեւ այժմէական պատգամ մը ունի ընթերցողին, երաժշտասէր ու ազգային մշակոյթի պահպանման նախանձախնդիր հայերու։
Քանի մը գիծ՝ հատորին առանձնայատկութիւններէն։
Հատորին գլխաւոր հիմքն ու մեկնակէտը կը կազմեն 72 երգեր, զորս Պ. Ալահայտոյեան «որսացած» է հալէպահայ Մարօ Նալպանտեանէն։ Ներդիր, ընթերցողին կը տրամադրուին երկու խտացեալ ձայնապնակներ, որոնք կը պարունակեն այդ երգերը։ Հատորին մէկ կարեւոր բաժինը յատկացուած է այդ երգերուն մասին բացատրականներու, վերլուծումներու, որոնց կ՛ընկերանան ձայնագրութիւններ, լսովի վերարտադրութեան ճամբով։ Ընթերցողը կը հրաւիրուի էջերուն ծանօթացման զուգահեռ, ունկնդրելու այդ գոհարները. ու զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ ան մէկէ աւելի անգամ վերադառնայ այդ խտասալիկներուն, հատորին ընթերցումը ամբողջացնելէ առաջ, ու նախնական զարմանք-վերապահութենէ ետք, հրապուրուի անոնց «կոշտ»… գեղեցկութեամբ, ինչպէս որ գոհարավաճառը պիտի հրապուրուէր նոր արտահանուած սուղ մետաղով մը կամ հում զմրուխտով մը։
Անոնք՝ որոնք կը ճանչնան Պետրոս Աահայտոյեան մարդը՝ իրա՛ւ արուեստագէտի ու մտաւորականի յատկանիշներով հարուստ անձը, պիտի չզարմանան, որ հատորին յառաջաբանին մէջ, ան կը զիջի հեղինակի իր իրաւունքը (հատորին հեղինակութիւնը արդարօրէն իրեն կը պատկանի), ըսելով, որ հաւաքուած երգերուն հեղինակը նոյնինքն մեր ժողովուրդն է, իսկ ինք ու երգասաց Մարօ Նալպանտեան պարզապէս կամուրջի դեր կը կատարեն, զանոնք մէկտեղելով ու ընթերցող-ունկնդիրին մատուցելով։
Հատորին մէկ այլ առանձնայատկութիւնն է հաւաքագրուած երգերուն մասին թէեւ մասնագիտական, սակայն դիւրամատչելի բացատրականները։ Իրարու յաջորդող գլուխները կը թողուն երկարաշունչ յօդուածներու տպաւորութիւնը. տարբեր գլուխներու մէջ կը կրկնուին որոշ տեղեկութիւններ, գիտելիքներ, սակայն ո՛չ կրկնութեան սիրոյն, այլ մատուցուածը տարբեր դիտանկիւններէ պատկերելու նախանձախնդրութեամբ։ Ընթերցողը կը ներգրաւուի էջերուն մէջ, որոնք կը ներկայանան պատմուածքանման դրուագներով, երգերը, անոնց տեսակները «բզիկ-բզիկ» ընող ու դիւրամարս դարձնող լուսաբանութիւններով։
Հեղինակին իսկ խոստովանութեամբ, հատորը արդիւնք է աւելի քան 25 տարիներու պրպտումի, հետախուզութեան ու վերծանումի աշխատանքի։ Անիկա չի բաւականանար միայն Մարօ Նալպանտեանի երգած ազգագրական-ժողովրդային ու հայրենասիրական երգերու վերարտադրութեամբ ու երաժշտական վերծանումով, ձայնագրումով, այլ հատորին էջերը լայն կը բացուին Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ, մինչեւ Պոլսոյ ու շրջակայ հայկական օճախներու ժողովրդային երգերու պատառիկներուն առջեւ։ Պատմական-երաժշտաբանական հարուստ բացատրութիւնները կը ստեղծեն մանր համայնագիտարանի մը տպաւորութիւնը, հետեւաբար, ընթերցողին կրնան թելադրել, որ ինքզինք չկաշկանդէ ներքին բաժանումները՝ գլուխները ներկայացուցած յաջորդականութեամբ ընթերցելու աւանդական ձեւով։
Հաւաքագրուած երգերը օրօրոցային են ու սուգի, հարսանեկան են ու աշխատանքային, կենցաղային են ու երգիծական, առանց անտեսելու մարդկային նուրբ զգացումները՝ սէրն ու մասամբ նորին։ Ամբողջ բաժին մը յատկացուած է, Մարօ Նալպանտեանի գործակցութեամբ, հայկական աւանդական հարսանիքի մը «բեմադրութեան»։ Բոլոր երգերը անտիպ կամ անծանօթ չեն, սակայն այդ բոլորին նոյն ծածկին տակ մէկտեղումը ընթերցողին դիմաց կը պարզեն համապարփակ հորիզոն մը։
Պ. Ալահայտոյեան հաւանաբար չ՛անդրադառնար, թէ իր պատումով ու նկարագրութիւններով, մանաւանդ հաւաքուած երգերուն թէզով ու անոնց վերծանման ճամբով իր ապրած հաճելի պահերը, հրա՛յրքը, ուղղակի կը հաղորդուին ընթերցողին, զայն կը վարակեն հեղինակին բերկրանքով։ Իսկ այդ բերկրանքին աղբիւրը՝ նոյնինքն ժողովուրդին ստեղծագործական կարողութիւններուն արտայայտութիւններն են, հայրենի գիւղին ու աւանին մէջ բնիկ ժողովուրդի կենցաղին պատկերները. հոն կայ ժողովուրդին աշխատանքն ու պանդխտութեան մորմոքը, իր մանուկը քնացնլու պատրաստուող մօր գուրգուրանքն ու նոր ընտանիք կազմողներու հրճուանքը, արտայայտուած՝ երգերով ու պարերգերով, պարեղանակներով, բնականաբար նաեւ հայուն հաւատքի արտայայտութեամբ՝ աղօթքով։
Բարբառային արտայայտութիւններով ու օտարաբանութիւններով (թրքերէն, քրտերէն) համեմուած երգերուն կ՛ընկերանան բառարանային բացատրութիւններ, իսկ հատորի վերջաւորութեան կայ նաեւ բառարանի բաժին մը։
Հատորին ամէնէն ուշագրաւ բաժիններէն մէկն է երաշժտական եզրերու բացատրական-բառարան մը։ Այս բաժինը աչքէ անցընելով, ընթերցողը կ՛անդրադառնայ, թէ մեր լեզուն ունի միջազգային բառամթերքին համապատասխանող հայերէն բառեր, որոնք մաս կը կազմեն մեր բառային հարստութեան, բառեր՝ որոնց գործածութիւնը մեզ չի հեռացներ արուեստի աշխարհի մթնոլորտէն, սակայն նաեւ կը սորվեցնէ, թէ երաժշտութեան հայերէն բառամթերքը մշակութասէրը հա՛յօրէն կը մտերմացնէ արուեստի այս աշխարհին։
Անմիջապէս կը հետեւի այլ յատկանիշ մը՝ հատորին գեղեցիկ հայերէնը։ Սա հեղինակի՛ն արժանիքներէն մէկն է վաղուց։ Պ. Ալահայտոյեան մեծ ճիգ չ՛ըներ մաքուր, գեղեցիկ ու հաճելի հայերէնով մը հրամցնելու իր էջերը, այլ անոր վճիտ ու զուլալ հայերէնը ինքնաբերաբար կը հոսի իր գրիչէն (նոր օրերուն՝ համակարգիչէն), որ ուղղակի թարգմանն է Մեծասքանչին իր հաւատարմութեան, հայու հոգիին ու մտածելակերպին։ Եւ արդէն, այս հեղինակը գլխաւոր երկու հաւատարմութիւն ունի. մէկը՝ Կոմիտասին, Միւսը՝ Մեսրոպ Մաշտոցին։ Այս յատկանիշները քանի մը աստիճան վեր կը կանգնին իր միւս բարեմասնութիւններէն, որոնց կարգին՝ մտաւորականի պարկեշտութիւնն ու բծախնդրութիւնը։
Ըսինք, թէ աւելի քան 25 տարիներու պրպտումի եւ ուսումնասիրութեան արդիւնքն է հատորին մէջ. պրպտումները չեն սահմանափակուած միայն Հալէպով, որ հատորի պատմութեան մէջ մուտք գործած է շուրջ 20 տարի առաջ։ Հեղինակին պրպտումները սկսած են Պելճիքայի մէջ ուսանողութեան օրերէն, ու տարածուած՝ դէպի Ամերիկա եւ այլուր։ Հետախուզութեան դաշտերը եղած են ծերանոցներ, ինչպէս նաեւ անհատ երգիչներ-երգասացներ, որոնց մօտ Պ. Ալահայտոյեան գտած է «երկրէն» բխած տոհմիկ երգերու օրինակներ, պատառիկներ, մինչեւ իսկ հազուագիւտ ձայնապնակներ։ Գոյացուցած է «հում երգերու» հսկայ պաշար մը, ձայնագրութեանց ճամբով։ Պեղած է այս կալուածին հետ կապ ունեցող մեր գրականութիւնը, գործակցութիւն մշակած է հայրենի մտաւորականներու եւ երգահաւաքներու հետ, որոնց առաջին շարքին կը կանգնին Արուսեակ Սահակեանն ու Ալինա Փահլիւանեանը։
Պ. Ալահայտոյեան պատգամախօս կամ քարոզիչ չէ, այլ խղճամիտ մտաւորական, երգի ու երաժշտութեան մասնագէտ արուեստաբան։ Այսուամենայնիւ, հատորին իւրաքանչիւր բաժինն ու գլուխը կ՛արտացոլան անգիր պատգամներ, որոնք ընթերցողին կ՛ըսեն.
Տե՛ս, թէ ժողովրդական երգի ինչպիսի հարստութեան մը ժառանգորդն ես, ու ընդհանրապէս կ՛անտեսես այդ գանձը, երես դարձուցած ես անոր, դուն քեզ գերի դարձնելով ժխորայինին ու օտարի ազդեցութեան։
Տե՛ս, թէ այս քանի մը տասնեակ կամ հարիւրեակ երգերը հսկայական ինչպիսի ժառանգութեան մը վերապրող փոքր մէկ բաժինն են, որովհետեւ երգն ու պարը չեն նմանիր պատմուածքի ու վէպի, այլ անոնք պէտք է երգուին ու շարժումով արտայայտուին, որպէսզի մնան ապրող։
Տե՛ս, թէ Ցեղասպանութեան հետեւանքով ինչպիսի ծանր ու անդարմանելի կորուստ ունեցած ենք։
Ու վերջապէս՝ տե՛ս, թէ հայկական տոհմիկ երգը ինչպիսի՛ ուղիղ զարգացում պիտի ապրէր ու հաւատարիմ պիտի մնար սեփական ուղիին, արմատներուն, եթէ հայ գեղջուկն ու հայրենաբնակ քաղաքացին զոհ գացած չըլլային Ցեղասպանութեան, հայրենի հողը խլուած չըլլար իրաւատէր հայէն։ Փաստօրէն, Արեւելեան Հայաստանի մէջ մինչեւ օրս ալ ժողովրդային երգը կը շարունակէ ապրիլ իր փթթումները, հոգ չէ թէ օտարամուտն ու այլանդակ «արդիական»ը հոն ալ աղաւաղումներ ու «ջարդեր» կը կատարեն։
Բանասիրական ու քննական իր նկարագիրով, սա Պ. Ալահայտոյեանի առաջին հատորն է։ Խորքին մէջ, ու նոյնինքն հեղինակին իսկ խոստովանութեամբ, անիկա կը բովանդակէ միայն մէկ բաժինը անոր հաւաքածոներուն, որոնք ցուցակագրուած են հատորին մէջ։ Այդ ցուցակները կ՛ըսեն, թէ հրատարակելի ու հրապարակելի հսկայ հարստութիւն մը կայ տակաւին։
Շնորհաւորելի է «Դրազարկ» հրատարակչատունը, այս հատորին լոյս ընծայման գործին համար։ Սպասելի է, որ գանձին միւս բաժիններն ալ լոյս աշխարհ գալու միջոցներ ունենան ու մաս կազմեն մեր հաւաքական հարստութեանց։ (Հեղինակին հետ կարելի է կապ հաստատել հետեւեալ հասցէով. bedovio@earthlink.net)։