«Էլէմընթ» նուագախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Լոս Անճելըս գաւառի տօնական աւանդական 50րդ տարեկան ծրագրին ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24ին, կ.ե. ժամը 3էն մինչեւ երեկոյեան ժամ 9, խումբը ելոյթ պիտի ունենայ, ներկայացնելով քանի մը երգեր:
«Տորըթի Չէնտլըր» սրահին մէջ կայանալիք տօնակատարութիւնը ուղղակի պիտի սփռուի KCET պատկերասփիւռի կայանէն (կայան 28), ինչպէս նաեւ KPFK ձայնասփիւռի կայանէն (90.7 FM):
Կ՛ակնկալուի, որ «Էլէմընթ»ի ելոյթը ցուցադրուի ժամը 5ի մօտերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.