ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն տարի, աւանդութիւն դարձած գեղեցիկ սովորութեան մը համաձայն, 4րդ դարուն ապրած եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ազգական Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին անուան տօնը, Հարաւային Քալիֆորնիոյ եւ յատկապաէս Լոս Անճելըսի ամէն հին եկեղեցւոյ Ս. Յակոբի մէջ կը նշուի եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագով եւ որուն կը յաջորդէ եկեղեցւոյ «Յիշատակութեան Հիմնադրամ»ի ննջեցեալներու հոգիներուն համար յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ ապա եկեղեցւոյ տարեկան տօնակատարութիւն՝ որուն ընթացքին առ ի երախտագիտութիւն հրապարակային կերպով կը պարգեւատրուի եկեղեցւոյ հաւատացեալ վաստակաշատ անդամ մը:
Այս տարի, Կիրակի, 13 Դեկտեմբեր, 2009ին, Սուրբ Յակոբ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ անուանակոչման 68րդ տարեդարձին առթիւ, տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, զոր մատուցեց Յովնան արք. Տէրտէրեան, Թեմակալ առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի, առընթերականութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արշակ քհնյ. Խաչատուրեանի եւ առաջնորդարանի երաժշտութեան վարիչ ու Սարկաւագաց ընդհ. պատասխանատու՝ Նարեկ քհնյ. Մաթարեանի: Ներկայ էին նաեւ Ծխական խորհուրդի բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու Լոս Անճելըսի բոլոր շրջաններէն հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը:
Յիշենք, որ նախ Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր, 2009ին, երեկոյեան ժամը 7ին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ մեծ սուրբին նախատօնակը: Այսպէս եկեղեցւոյ հովիւ Արշակ քհնյ. Խաչատուրեան, իր կողքին ունենալով Նարեկ քհնյ. Մաթարեանն ու սարկաւագաց դասը, յատուկ շարականներով եւ աղօթքներով պանծացուցին յիշատակը Մծբնացի մեծ սուրբին: Արարողութենէն ետք ներկաներուն բաշխուեցաւ մատաղ, որ պատրաստուած ու նուիրուած էր տէր եւ տիկին Յակոբ Յունանեաններու կողմէ:
Յաւարտ սուրբ Պատարագի, աւանդութեան համաձայն, կատարուեցաւ յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն եւ բարերարներուն հոգիներուն:
Ապա նախապէս առնուած որոշման համաձայն, եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ յատկապէս Արցախէն բերուած վեց հսկայ եւ գեղեցիկ խաչքարերու հանդիսաւոր օծումները:
Խաչքարերու օծումէն ետք եկեղեցւոյ «Ճան Կոկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 68 ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթը:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնին, եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամ եւ օրուան հանդիսավար Ճօրճ Մարտիկեան, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան եւ յատկապէս սրբազան հօր, որ եկեղեցւոյ այս պատմական օրուան անձնապէս կը նախագահէր եւ ապա հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը որ սեղանները օրհնէ:
Ճաշէն ետք գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, որուն գեղարուեստական բաժնին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերաւ. նախ երկու մեներգներով Սօնա Նալպանտեան՝ 11 տարեկան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Անահիտ Յարութիւնեանի, ապա ջութակի վրայ երկու եղանակ նուագեց Անի-Հելէն Սինանեան՝ 9 տարեկան- դաշնակի ընկերակցութեամբ իր մօր՝ æաննա Սինանեանի իսկ վերջին՝ 3 երգերով ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի տարիներու խմբավար Մաննիկ Մանուկեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Գայեանէ Ասատրեանի:
Իր կարգին, եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անունով, ատենապետ սարկաւագ տք. Սարգիս Մեսրոպեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքերէն ետք նախ վեր առաւ մեր կրօնքի սրբութիւնը շեշտելով «Ս. Յակոբի ճգնողական կեանքը հաւատքի ու անոր աղօթքի ճամբով գործած հրաշքները» եւ ապա նշեց, թէ «քրիստոնէութիւնը միայն հայկական կրօն չէ, այլ համամարդկային, բայց հայ ժողովուրդի ոգին այդ քրիստոնէութիւնը հայացուցած եւ անոր վրայ հայկական դրոշմ դրած է: Ուստի մեր կրօնը մեզի հասած ու տրուած ճամբով ապրինք ու այդ սրբութիւնները փոխանցենք մեր նոր սերունդին»:
Ատենապետ Մեսրոպեան յատուկ շնորհակալութիւններ յայտնեց սրբազան հօր, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու մանաւանդ եկեղեցւոյ զանազան կարիքներուն անսակարկ կերպով հոգացող եւ նուիրաբերող Շահէ Ատուրեանին իր ծառայասիրութեան եւ օրինակելի ներդրումին համար:
Ապա յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու պատասխանատուները, որոնք տարեկան նիւթական իրենց օժանդակութիւնը յատուկ չէքերով յանձնեցին, աւելի քան քսան հինգ հազար տոլար, առաւել խանդավառութիւն ստեղծելով սրահէն ներս:
Անցնելով պարգեւատրման բաժնին, Ս. Մեսրոպեան յիշեցուց, թէ այս տարի առաջնորդարանի «Հայ Ոգիի» շքանշանով պիտի պարգեւատրուի եկեղեցւոյ տարիներու երգեհոն նուագող Տանիէլ Ագարակեանը, որ իր անցնող աւելի քան երկու տասնամեակներուն հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Ս. Յակոբին եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ բարգաւաճման սատարած էր:
Ս. Մեսրոպեան, այս առթիւ շնորհաւորեց պարգեւատրեալը վեր առնելով, անոր հայ եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած ծառայասիրութիւնը, զայն դասեց լուսամիտ, օգտակար, օրինակելի ու տիպար հաւատացեալներու շարքին, որոնք անխոնջ, ոչ միայն կը ծառայեն իրենց եկեղեցւոյ, այլեւ ամբողջ Թեմին:
Սրտի յատուկ խօսքերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արշակ քհնյ. Խաչատուրեան, որ ըրաւ եկեղեցւոյ պատմականը ու մեծապէս գովաբանեց եկեղեցւոյ ծառայող հաւատացեալները:
Իբրեւ հայրական պատգամ, սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց օրուան պարգեւատրեալը, իբրեւ երիտասարդ սպասաւոր հայ եկեղեցւոյ եւ ապա իր խորհրդածութիւններուն ընդմէջէն շեշտեց «Աստուծոյ մասին ու մանաւանդ Աստուծոյ հետ խօսելու» էականութիւնը մեր ամէնօրեայ կեանքէն ներս:
Սրբազանը նաեւ իմաստալի իր օրինակներով պարզեց եկեղեցին մեր կեանքին մէջ կենդանի պահելու առաւելութեան մասին.
«2010 տարին կը յայտարարենք եկեղեցւոյ տարի, հիմք ունենալով ոչ միայն եկեղեցիներու եւ համայնքներու կառոյցները այլեւ այս քարեղէն կառոյցներուն մէջ հոգեւոր եկեղեցին ստեղծելու տեսլիքը»:
Յովնան սրբազան շեշտեց նաեւ Աստուծոյ ընկերը դառնալու եւ անոր պատրաստ ծառայելու էականութիւնը մեր կեանքէն ներս:
«Թող Աստուած օրհնէ այս տունը եւ ձեր բոլորին հրաշալի ծառայութիւնները» ըսաւ սրբազան հայրը: Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը շնորհաւորեց ու օրհնեց ներկաները, ծխական խորհուրդի անդամները, եկեղեցւոյ տարիներու հոգեւոր հովիւն ու դպրաց դասին բոլոր ծառայողները, տիկնանց ու այլ միութեան ու յարակից մարմիններու անդամները: Իբրեւ հայրական գնահատանք ան մէկական փոքր փայտէ խաչեր նուիրեց գեղարուեստական բաժնի բոլոր մասնակիցներուն: Իր կարգին եկեղեցւոյ ACYO JR. պատասխանատուն առ ի երախտագիտութիւն, փոքրիկներուն կողմէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին յանձնեց յուշ նկար մը:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնի աւարտին ներկաները կրկին անգամ առիթ ունեցան շնորհաւորելու օրուան մեծարեալն ու անոր ընտանեկան անդամները: