ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեքի Ռապինսըն Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16ին այցելեց Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնը, քաղաքին հայ եւ այլ փոքրամասնական համայնքներուն միջեւ նոր կամուրջներ հաստատելու կարելիութիւնները քննելու համար:
Ան հանդիպում ունեցաւ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ շրջանի ՀԵԴի անդամներուն հետ եւ ականատես եղաւ նոր կեդրոնին մարզասրահին մէջ կատարուող ՀՄԸՄականներու փորձերուն:
«Ուրախ ենք, որ առթը ունեցանք քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռապինսընին հետ հանդիպելու եւ անոր ծանօթացնելու մեր նոր կեդրոնը: Բացայայտ է, թէ ան մօտէն հետաքրքրուած է շրջանի երիտասարդութեան հարցերով, որու հետեւանքով համագործակցութեան լայն կարելիութիւններ կան Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ռապինսընի գրասենեակին միջեւ», կը յայտնէ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչներէն Ներսէս Մելքոնեան:
Ռապինսըն իր կարգին շնորհակալութիւնը յայտնեց, որ այս առիթը տրուած է իրեն աւելի մօտէն ծանօթանալու հայ համայնքին եւ վստահեցուց, թէ իր եւ համայնքին միջեւ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի: