ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Սի.Պի.Էս.» ցանցի «Սիքսթի Մինիթս» յայտագիրը 17 Դեկտեմբերին ցուցադրեց ցնցիչ յայտագիր մը Թուրքիոյ մէջ յոյներու իրաւունքներու բռնաբարումներուն մասին։
Պոլսոյ մէջ հաստատուած Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեկեղեցական շարժումի ջատագով Պարթոլոմիօ (Բարթողոմիոս) պատրիարքը քաջաբար քննադատեց թրքական կառավարութիւնը իրեն հետ իբրեւ «երկրորդ կարգի քաղաքացի» վարուելնուն համար։ Ան շարունակեց ըսելով, թէ կը զգար, որ կարծես «կը խաչուէր»։
Ասիկա հաւանաբար առաջին անգամն է, որ ամերիկեան հեռատեսիլի մեծ ցանց մը համարձակեցաւ սփռել հեռատեսիլի յայտագիր մը, որ երեւան կը հանէ այն խտրողական վարմունքը, որ թրքական ճնշող վարչակարգը ունի յոյն փոքրամասնութեան հանդէպ։ Այնպէս կը թուի, թէ «Սի.Պի.Էս.» կրցած էր դիմադրել այն ծանր ճնշումին, որ Անգարան եւ իր բարձր վարձք ստացող Ուաշինկթընի լոպիիսթները սովորաբար կը բանեցնեն գրաքննութեան ենթարկելու համար յայտագիրներ, որոնք կը բացայայտեն թրքական կառավարութեան եղծանական (գռեհիկ) վարմունքը։
Զարմանալի չէ, որ զանազան թուրք պաշտօնատարներ, ներառեալ նախագահ Կիւլ զայրոյթով լեցուն հակազդեցութիւններ ունեցան։ Արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անարժանօրէն առաջարկեց, թէ յոյն պատրիարքը պէտք էր իր գանգատները ներկայացնէր Անգարայի իշխանութիւններուն։ Արտաքին գործոց նախարարը այնպէս վարուեցաւ, որ կարծես տեղեակ չէր տարիներ շարունակ իր ժողովուրդին կրած անարդարութիւններուն վերաբերեալ պատրիարքին կողմէ ներկայացուած անհամար գանգատներէն։ Թրքական կառավարութիւնը ոչ միայն անտեսած է այդ գանգատները, այլեւ գործադրած է դիտումնաւոր նեղութեան եւ վախի քաղաքականութիւն մը՝ յոյները, հայերը, ասորիները եւ հրեաները իրենց տուներէն եւ գործատեղիներէն դուրս մղելու եւ զանոնք երկրէն հեռացնելու համար։
«Սիքսթի Մինիթս»ի թղթակից Պոպ Սայմըն տեղեկացուց, թէ «անցեալ դարու սկիզբը շուրջ երկու միլիոն ուղղափառ քրիստոնեաներ կային Թուրքիոյ մէջ. անոնց մէկուկէս միլիոնը արտաքսուեցաւ 1923ին իսկ հարիւր յիսուն հազարը հեռացաւ երկրէն 1955ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեաներուն դէմ կազմակերպուած վայրագ ցոյցերէն ետք։ Այսօր ամբողջ Թուրքիոյ մէջ մնացած են միայն չորս հազար ուղղափառ քրիստոնեաներ»։ Սայմընի ներկայացուցած թիւերը կը վերաբերին միայն յոյներուն։
«Ես տեսակցութիւն ունեցած եմ վարչապետին եւ մեծաթիւ նախարարներու հետ՝ անոնց ներկայացնելով մեր հարցերը խնդրելով, որ օգնեն մեզի», Սայմընին ըսաւ Պարթոլոմիօ պատրիարքը։ Ան երբեք պատասխան չէր ստացած։
Իր կայքէջին մէջ «Սիքսթի Մինիթս»ը յաւելեալ կերպով տեղեկացուց, թէ «թրքական իշխանութիւնները բռնագրաւած են քրիստոնեաներու կալուածներ եւ փակած քրիստոնէական եկեղեցիներ, վանքեր եւ դպրոցներ»։ Յոյն «համայնքը կը վախնայ, որ իշխանութիւնները կ՛ուզեն Պարթոլոմիօ պատրիարքը եւ իր եկեղեցին՝ բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներէն ամենահինը, դուրս դնել Թուրքիայէն»։ Թրքական կառավարութիւնը «ուրախ պիտի ըլլայ տեսնելով պատրիարքին անյայտացումը կամ երկրէն դուրս փոխադրուիլը, բայց մեր համոզումը այն է թէ՝ այդ մէկը երբեք տեղի պիտի չունենայ», Պոպ Սայմընին ըսաւ Պարթոլոմիօ պատրիարքը։
Պարբերաբար յոյներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու հալածանքները մահացու կը դառնան ինչպէս օրինակ Հրանդ Տինքի պարագային, որ ահաբեկուեցաւ 2007 Յունուարին, Պոլսոյ իր օրաթերթի գրասենեակին դիմաց։ Իրականութեան մէջ այն պահուն երբ Սայմըն յունական պատրիարքարանին մէջ իր շրջապտոյտը կ՛աւարտէր, թուրք ոստիկան մը տեղեկացուց, թէ սպառնալիք ուղղուած էր Պարթոլոմիօ պատրիարքի կեանքին դէմ։ Նախկին սպառնալիքները այնքան լուրջ եղած են, որ թրքական կառավարութիւնը նկարիչ մեքենաներ զետեղած եւ ձայնի արձանագրութեան համար թելեր քաշած է պատրիարքարանին մէջ ինչպէս նաեւ քսանչորս ժամուան պաշտպանութիւն տրամադրած է պատրիարքին։
Սայմըն ապա բացայայտեց, թէ հակառակ իր իսլամական դիմագիծին, վարչապետ Էրտողանի կառավարութիւնը շարունակ կը խախտէր այն հանդուրժողութիւնը, որուն մասին քարոզեց Մուհամմատ մարգարէն, որ նամակ մը գրած էր Սինա լերան վրայ գտնուող յունական վանքին շուրջ հազար չորս հարիւր տարի առաջ՝ առաջարկելով պաշտպանութիւն եւ կրօնական ազատութիւն քրիստոնեաներուն։ Սայմըն ցաւ յայտնեց, որ Մուհամմատի բարի կամեցողութեան պատգամը գործի չէր դրուած թրքական իշխանութիւններուն կողմէ։ Թուրքիոյ մէջ միակ յոյն ուղղափառ դպրեվանքը՝ Հալքի Աստուածաբանական դպրոցը, փակուեցաւ կառավարութեան կողմէ 1971ին։ Տրուած ըլլալով, որ թրքական օրէնքը կը պահանջէ, որ բոլոր քահանաներն ու պատրիարքները բնիկ թուրք քաղաքացիներ ըլլան, դպրեվանքին փակուիլը նոր քահանաներու պատրաստութիւնը անկարելի դարձուց՝ վտանգելով եկեղեցւոյ գոյատեւումը Թուրքիոյ մէջ։
Դժբախտաբար «Սի.Պի.Էս.» ամբողջութեամբ անտեսեց հայերուն եւ Թուրքիոյ մէջ այլ հալածուած փոքրամասնութիւններու կացութիւնը. ոչ իսկ մէկ անգամ նշեց զանոնք… Իրականութեան մէջ այնպէս կը թուէր, որ Սայմըն դիտումնաւոր կերպով կ՛անտեսէր անոնց գոյութիւնը։
Յայտագիրին մէկ որոշակի հատուածի մը մէջ, որ կը խօսէր Պոլսոյ մէջ յունական պատրիարքարանի վայրին մասին, Սայմըն մինչեւ իսկ այդ թաղամասը նկարագրեց իբրեւ՝ «յոյներով եւ քրիստոնեաներով» բնակեցուած շրջան մը։ Ասիկա մէկ ուրիշ փորձ մըն էր հայերը ճանչնալէն խուսափելու։ Առանց շեղելու ուշադրութիւնը Թուրքիոյ մէջ Յոյն ուղղափառ եկեղեցիէն, Սայմըն կրնար արագ ակնարկով մը նշել հայերը՝ երկիրի մեծագոյն քրիսոտոնեայ փոքրամասնութիւնը, որոնք եւս զոհ գացած են շատ անարդարութիւններու, ներառեալ ցեղասպանութեան…
Ընթերցողներուն կոչ կ՛ուղղենք, որ իրենց կարծիքները դնեն «Սի. Պի.Էս.»ի կայքէջին վրայ՝ գնահատելով ցանցին բացառիկ բացայայտումը բոլոր այն բռնաբարումներուն եւ հալածանքներուն, որոնց միջեկեղեցական շարժումի ջատագով պատրիարքը եւ իր հօտը կ՛ենթարկուին Թուրքիոյ մէջ։ Ընթերձողները նաեւ պէտք է հարց տան, թէ արդեօք ինչո՞ւ նոյնիսկ մէկ անգամ չեն նշուած հայերը կամ այլ փոքրամասնութիւններ, որոնք եւս տառապած են թրքական լուծին տակ։ Ձեր կարծիքները դնելու համար ձեզմէ կը խնդրուի այցելել հետեւեալ կայքէջի հասցէն.
www.cbsnews.com/video/watch/?id=6001n#comments
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր