ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- «VIVA cell» հեռաձայնային բաց բաժնետիրական ընկերութեան աջակցութեամբ՝ Երեւանի մէջ կայացած է դասական երաժշտութեան երեկոյ մը, որուն ընթացքին նշուած է Յ. Չէքիջեանի 81 ամեայ յոբելեանը։
Նշենք, որ Հայաստանի պետական ակադեմիական երգչախումբը 73 տարեկան է, իսկ գեղարուեստական ղեկավարի պատասխանատուութիւնը 48 տարի անընդմէջ ստանձնած Յովհաննէս Չէքիջեան՝ 81: Աշխարհահռչակ բեմերու վրայ ելոյթներ ունեցող խումբի ձեռքբերումներուն մասին, բազմաթիւ երկիրներու մէջ, եղած են տարբեր լեզուներով հրապարակումներ:
Արժէ նաեւ նշել, որ 81ամեայ գեղարուեստական ղեկավարը ղեկավարած է արտերկրի համերգային (symphonic) 56 նուագախումբ:
«Մենք պէտք է մեր մշակոյթի մոլեռանդ պաշտպանը լինենք: Եթէ կորցնենք այն՝ կը դադարենք ազգ լինելուց: Ստեղծագործական կեանքում սա եղել է իմ ամենակարեւոր սկզբունքը, որին հետեւել եմ անվերապահօրէն», իր ելոյթին մէջ յայտնած է Յովհաննէս Չէքիջեան: