ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վերջին շրջանին Հայաստանի իրաւապահ մարմինները յաջորդական բացայայտումներով ու ձերբակալութիւններով կը փորձեն ժողովուրդին հաւատացնել, որ լուրջ պայքար ձեռնարկած են արմատախիլ ընելու կաշառակաերութիւնը:
Հայրենիքի ժողովուրդը, սակայն, արդարացի թերահաւատութեամբ կը մօտենայ այս փորձին, բոլոր ձերբակալութիւնները ու բացայայտումները գնահատելով իբրեւ աչքին փչուած փոշի, իբրեւ զուտ ձեւական քայլեր, որոնք աւելի շատ կրնար նկատուիլ ներքին հաշուեյարդարներ, կամ աւարը կիսելու կռիւներ քան թէ փտածութեան դէմ պայքարի գործողութիւններ:
Մեր երկրի մէջ արդար համակարգի ստեղծումով իրապէս հրաշքներ կրնան գործուիլ եւ հոյակապ աշխարհ մը կը ստեղծուի, ուր մարդկային արժանապատուութեամբ ապրող քաղաքացիները ամրապինդ սիւները կը դառնան հզօր պետութեան մը: Կառավարութեան «ճիգերը» նման քաղաքացիական հասարակութիւն ստեղծելու կը բախի գլխաւորաբար
ժողովուրդի թերահաւատութեան, որու հիմքերը շատ խորն են, որուն թեւ տուող գործօնները, ապացոյցներն ու փաստերը ամէն վայրկեան կը պարզուին իր աչքին առջեւ, ամէն քայլափոխի ցոյց տալով իրենց տգեղ պատկերը:
Կաշառակերութիւնը, աւաղ, պետական մեքենայի թերեւս միակ շարժիչ ուժն է տակաւին: Պետական պաշտօնէութիւնը, իր ամբողջ համակարգով, խրուած է փտածութեան կեղտին մէջ ու կարելի չէ քանի մը զոոհեր մատուցելով իր շարքերէն՝ հաւատացնել, որ ինքնամաքրման լուրջ պայքարի մը ձեռնարկուած է:
Երանի թէ այս ձերբակալութիւնները, բացայայտումները ոստիկանութեան պատասխանատուներու յաճախակի դարձած մամլոյ ասուլիսները, ինչ որ բովանդակութիւն կարենան տալ հակակաշառակերութեան պայքարին: Երանի թէ այս բոլոր միջոցառումները չդառնան սոսկ ժողովուրդը խաբելու միտուած քայլեր:
Այդպէս ալ կը դառնան, այնքան ատեն, որ իշխող մտայնութիւնը այսօրուան խնդիրները լուծելով միայն մտահոգ կը մնայ, այլ չի խորհիր երկրի ապագայի մասին, չի խորհիր սեփական ժողովուրդի բարօրութեան մասին, չունի սրտացաւութիւն ի տես ազգակիցի, քաղաքացիի դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն, չունի ծրագիր ամրապնդելու իր համերկրացիի հաւատքի սիւները հանդէպ իր պետութեան, զինք կառավարող կառոյցներուն:
Մաղթենք, որ Նոր Տարին իր հետ բերէ այն համակարգային փոփոխութիւնները, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ արմատախիլ ընել Հայաստան աշխարհէն կաշառակերութիւն բուծանող մթնոլորտն ու հոգեվիճակը: