ԵՐԵՒԱՆ, ԳԱՀԻՐԷ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմը աւելի Պատրիարքարան է, քան թեմ, որովհետեւ անիկա միակն է Ափրիկէի: Ըստ թեմի առաջնորդ, Աշոտ եպս. Մնացականեանի, ներկայիս Գահիրէի եւ Ալեքսանտրիոյ մէջ շուրջ 3 հազար հայ կը բնակի: Հայեր կան Սուտանի, Եթովպիոյ եւ Հարաւ-ափրիկեան հանրապետութիւններուն մէջ: «Եթովպական համայնքի կազմութեան պատմութիւնը հետաքրքրական է: Եթովպիայի նախկին թագաւոր Հայլէ Սելասսիէ առիթով մը լսած է հայ որբ երեխաներու երգչախումբի կատարումը եւ զանոնք տեղափոխած է Թուրքիայէն Ատիս Ապապա: Բոլորին տուած է կրթութիւն, աշխատանք եւ ապաստան: Այդ որբերն ալ դարձած են համայնքի հիմքը, ուր այժմ 100 հոգի կայ: Մօտաւորապէս նոյնքան հայ կայ Սուտանի եւ Հարաւ-ափրիկեան Հանրապետութեան մէջ», ըսած է սրբազանը: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Եգպիտոսի հայ համայնքը արձանագրուած է իբրեւ կրօնական փոքրամասնութիւն, առանց որեւէ սահմանափակումներու:
«Օրինակ, երկրի հիմնական քրիստոնէական բնակչութիւնը կազմող ղպտիներու հանդէպ վերաբերմունքը տարբեր է եւ անոնց թոյլ չեն տար առաջ երթալ ծառայողական աստիճանով: Անոնք կրնան որոշ պետական պաշտօններու հասնիլ, սակայն որոշ սահմաններ կան, որոնցմէ անդին անոնք չեն կրնար անցնիլ: Միայն հայ համայնքը ունի կրօնական փոքրամասնութեան կարգավիճակ, իսկ Եգիպտոսի հայկական եկեղեցին աշխարհի ամենահարուստներէն է», նշած է առաջնորդը:
Եպիսկոպոս Մնացականեան յիշած է նաեւ, որ Եգիպտոսի առաջին վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարը եղած է Պօղոս Նուպար փաշան:
«Նուպար փաշայի աւանդը, որ ղարաբաղցի էր, Եգիպտոսի առջեւ նշուած է երկրի բարձրագոյն պարգեւներով, պատուաւոր տիտղոսներով, փողոցներ անոր անունով անուանակոչուած են Գահիրէի եւ Ալեքսանտրիոյ մէջ», ըսած է առաջնորդը ու աւելցուցած՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչներու եւ աւանդական հայկական կուսակցութիւններու հետ յարաբերութիւնները շատ բնական են»: