ԹԵՀՐԱՆ, «Թերթ».- Յունուար 25էն Փետրուար 4, Նարինէ Մկրտչեանի եւ Արսէն Ազատեանի «Անառակ որդու վերադարձը» շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի Թեհրանի «Ֆաճր» 28րդ միջազգային ֆիլմի փառատօնին:
Ժապաւէնը ներառուած է միջազգային մրցումի ծրագրին մէջ, որու շրջագիծէն ներս տեղի կ՛ունենայ ֆիլմի իրանեան Առաջին ցուցադրութիւնը:
Արսէն Ազատեան յայտնած է, որ 2010 Յունուար 14ին կը սկսին նաեւ ֆիլմի պարբերական ցուցադութիւնները Սան Փեթերսպուրկի մէջ:
Աւելցնենք, որ Նոյեմբերին տեղի ունեցած էին «Անառակ որդու վերադարձը» ֆիլմի գերմանական եւ հնդկական Առաջին ցուցադրութիւնները: