ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նոյեան Տապան»–«Հայերն Այսօր».- «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը (ԸԽ) «Սոգլասիէ» փակ բաժնետիրական ընկերութենէն (ՓԲԸ) գնած է հիւրանոցա-գրասենեակային նախագիծի 50 % բաժնեմասը։
«Տաշիր» ԸԽ սեփականատէրը եւ նախագահը գործարար Սամուէլ Կարապետեանն է, իսկ «Սոգլասիէ» ՓԲԸ սեփականատէրը՝ Ռուսաստանի հայերու միութեան ղեկավար Արա Աբրահամեանը:
Հիւրանոցա–գրասենեակին բացումը կը ծրագրուի 2010 չորրորդ եռամսեակին: Նշենք, որ ռուսական «Տաշիր կրուփը», որ հիմնուած է 1999ին, կը միաւորէ աւելի քան 200 ընկերութիւններ, որոնք կը գործեն տնտեսական տարբեր ոլորտներու մէջ եւ ընդհանուր առմամբ ունին 30 հազարէն աւելի աշխատողներ: