Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու Ազգային Վարչութիւնը այսու կը յայտարարեն, թէ ուսումնական յառաջիկայ տարեշրջանին համար, դիմումնագիրներ պիտի ընդունի «Յարութ Պարսամեան Հաշմանդամ Հայ Ուսանողներու Կրթաթոշակ»ին համար։
Հիմնադրամը հաստատուած է Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ, աջակցելու համար ֆիզիքական թերութիւն ունեցող հայ ուսանողներու, որոնք կը փափաքին բարձրագոյն ուսման տիրանալ Միացեալ Նահանգներու որեւէ վարկաւորուած համալսարանի կամ քոլէճի մէջ։
Դիմումնագիրին պէտք է կցել.-
– Ուսանողին ամփոփ կենսագրականը,
– Բժշկական տեղեկագիր մը ֆիզիքական վիճակի վերաբերեալ,
– Վկայագիր մը՝ ամերիկեան որեւէ օրինաւոր համալսարան կամ քոլէճ ընդունուած ըլլալու մասին։
Կրթաթոշակը կրնայ ապահովել մինչեւ 3,000 (երեք հազար) տոլար, ուսումնական իւրաքանչիւր տարուան համար։
Կը խնդրուի դիմումնագիրները Ազգ. Առաջնորդարան յղել մինչեւ Ուրբաթ, 22 Յունուար 2010, հետեւեալ հասցէով.-
Harut Barsamian Disabled Armenian Students Scholarship Fund
C/O Western Prelacy
6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱæՆՈՐԴԱՐԱՆԻ