«Կլոպըլ փինք ալըրթ» կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ Եգիպտական ապահովական ուժեր Երեքշաբթի օր կէսօրուան ժամը 12ին, Գահիրէի մէջ ամերիկեան դեսպանատան շրջափակին մէջ, Միացեալ Նահանգներու 25 քաղաքացիներ ձերբակալած են։
Գահիրէի մէջ Կազայի ազատութեան քայլարշաւի ծիրէն ներս, 40 երկիրներէ աւելի քան 1400 անձեր հաւաքուած են։ Ամերիկացի քաղաքացիները ամերիկեան դեսպանատուն այցելած են խնդրելու համար, որ դեսպանատունը դիւրացնէ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն տանելու համար բանակցութիւնները։ Գրեթէ անմիջապէս, ապահովական ուժեր խուժած են անոնց գտնուած վայրը։