– «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ժողովրդավարականացման նախաձեռնութեան եւ փոխվարչապետ Արընճի ահաբեկման վարկածներուն հետ հրապարակ եկած «հաստատութեանց միջեւ բախումի» շուրջ իր գնահատականները տուած է։ Էրտողան ըսած է, թէ պէտք է զօրավիգ կանգիլ կառավարութեան ժողովրդավարականացման գործընթացին։ Ան յայտնած է, որ «մենք ժողովրդավարականացման նախաձեռնութիւնը իր աւարտին պիտի հասցնենք: Սթաթիւ քոն պիտի շարունակուի՞, թէ փոխուի։ Կառավարութիւնը կը կարծէ, թէ ատիկա պէտք է փոխուի», ըսած է ան։ Ինչ կը վերաբերի հաստատութեանց միջեւ բախումի հարցին, Էրտողան ըսած է թէ վարկածները հետաքննութեան կ՛ենթարկուին։
– «Ճիւմհիւրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հարաւ արեւելեան շրջաններուն մէջ լարուածութիւնը մագլցում արձանագրած է, մինչ թրքական ապահովական ուժերը կը շարունակեն բնակեցուած վայրերու մէջ ՔԱԿի զինեալ թեւին դէմ գործողութիւնները։ Հաքարիի Եուքսեքովա քաղաքին, Շըրնաքի Ճիզրէ եւ Սիլոփի քաղաքներուն մէջ ցուցարարներ բախում ունեցած են ոստիկանութեան հետ, ճամբաներ փակած են եւ ՔԱԿի զօրակցող կարգախօսներ գոչած են։
– «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ ՔԱԿի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալա առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում ունեցած է Իմրալի բանտի նոր արգելափակեալներուն հետ։ Անոնց զրոյցը կեդրոնացած է կիներու հարցին վրայ։ Երբ Օճալա հարցուցած է բանտարկեալներուն կարծիքին մասին անոնք ՔԱԿի կողմէ հրատարակուած «ֆեմինիստ»ական թեզերու ակնարկած են։ Օճալան անոնց ըսած է, որ «կիներու հարցը հինգ հազար տարուայ բռնաբարումի մշակոյթի մէկ երեւոյթն է»։
– «Թիւրքիյէ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտածումները, որոնք անցեալ տարի 127.5 միլիառ տոլար էին, այս տարի տնտեսական տագնապին պատճառով պիտի նուազին 100 միլիառ տոլարով։ Թուրք արտածողները ազատ առեւտուրի համաձայնութիւններով ուրախ են։ 2009ի վերջին տասը ամիսներուն ընթացքին Թուրքիոյ արտածումները բաղդատմամբ անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նուազած են 28 տոկոսով։ Բայց եւ այնպէս, Թուրքիոյ հետ ազատ արեւտուրի համաձայնութիւն կնգած երկիրներ արտածումը 10 տոկոսով աճ արձանագրած է։