Դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անջատ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան խորհրդատու Ճիմ Ճոնզի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշահր Մոթաքիի հետ։
Տաւութօղլու Մոթաքիի հետ քննարկած է Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ տնտեսական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրի հարցը, իսկ Ճոնզի հետ քննարկած է Իրանի հիւլէական ծրագիրի հարցն ու Յունուարին նախատեսուած Թուրքիոյ, Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի միջեւ գերաստիճանը։
«Անատոլու» զրոյցներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չէ փոխանցած, սակայն հեռաձայնային զրոյցէն առաջ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, թէ Թուրքիա կրնայ արեւմուտքին հետ հիւլէական նիւթեր փոխանակելու վայրը ըլլալ։
Մոթաքի անցեալ շաբաթ իրանեան պետական հեռատեսիլի կայանին յայտնած էր, որ Իրան հարց չունի եթէ թրքական հողամասը օգտագործուի իբրեւ հարստացած իւրանիոմը հիւլէական վարելանիւթի հետ փոխանակելու վայր։
Թեհրան նախապէս յայտնած էր, թէ այդ փոխանակման միայն իր հողամասին վրայ տեղի ունենալը պիտի ընդունի։
Թուրքիա, իր ներքին խրովութիւնները անտեսելով՝ իր գոյութեան պայքարը կը մղէ լծակներ հաւաքէլով- էլլ պիզա իշտա կէօրսըն- (ուրիշներ մեզ գործի մեջ տեսնէ)