ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Ըստ Ռուսիոյ կառավարական մամուլի ծառայութեան, Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Տմիթրի Մետւետեւին կողմէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղղուած ամանորեան ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Անցնող տարուան ընթացքին Ռուսաստանն ու Հայաստանը համատեղ ջանքերով լուրջ առաջընթաց ապահոված են փոխշահաւէտ բազմակողմանի կապերու խորացման գործին մէջ: Քաղաքական երկխօսութեան ծանրակշիռ արդիւնքները ունին բոլոր հիմքերը՝ եկող տարի ակնկալելու ռուս-հայկական համագործակցութեան դրական ուժը՝ ի շահ մեր երկիրներու ժողովուրդներու բարեկամութեան բազմադարեայ աւանդոյթներու ամրապնդման, տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան»: