ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայաստանի Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպսկ. Չուլճեան եւս իր թեկնածութիւնը դրած է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական ընտրութեան համար։
Առաջնորդ սրբազանը, պատասխանելով իրեն ղրկուած Դեկտեմբեր 12 թուակիր նամակի մը, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Շահան արք. Սվաճեանին յայտնած է, թէ Իջման Ս. Սեղանի առջեւ կատարուած ուխտի մէկ հետեւանքը կը նկատէ թեկնածու ներկայանալ Պոլսոյ Աթոռին։
Սրբազան Հայրը, իր նամակին մէջ, որուն մէկ օրինակը ղրկած է նաեւ «Մարմարա»ի խմբագրութեան, նախ ցաւ յայտնած է, որ Մեսրոպ պատրիարքի անբուժելի հիւանդութիւնը անհրաժեշտ դարձուցած է Աթոռակից պատրիարք մը ընտրել Պոլսոյ Աթոռին համար։
«Բայց ուրիշ ճանապարհ չկայ, որովհետեւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ Կ. Պոլսոյ Աթոռի գերագոյն շահը այդ է որ կը պահանջէ։ Եւ քանի որ Թուրքիոյ օրէնսդրութեամբ հնարաւոր է դարձնում մեր թեկնածութիւնը, մենք հրաժարուելու որեւէ լուրջ պատճառ չենք տեսներ Իջման Ս. Սեղանի առջեւ ուխտած լինելով անսակարկ կերպով ծառայել մեր եկեղեցիին այնտեղ ուր Տէրը կ՛առաջնորդէ եւ ազգը կ՛ընտրէ», գրած է Չուլճեան սրբազանը։