ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Գանատայի մէջ գործող հայ ազգային երեք կուսակցութեանց՝ հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան շրջանային ղեկավար մարմիններու նախաձեռնութեամբ, Ուրաբթ, 8 Յունուարին, միասնական ցոյցեր տեղի պիտի ունենան Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ:
Ցոյցերուն նպատակն է արտայայտել համայնքի ակնկալութիւնը, որ Յունուար 12ի Հայաստանի սահմանադրական դատարանի կողմէ հայ-թրքական արձանագրութեանց քննարկումները ըլլան արդար եւ պաշտպանեն Հայաստանի սահմանադրութեամբ նուիրագործուած սկզբունքները:
Նոյնօրինակ ցոյց տեղի պիտի ունենայ նաեւ Երեւանի մէջ, Յունուար 11ին: