
ՊԷՅՐՈՒԹ, «ՓանԱրմինիըն».- Ըստ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի՝ Յունուար 10ին Լիբանանի մէջ պիտի կայանայ բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակիցները Հայաստանի Սահմանադրական դատարանէն պիտի պահանջեն՝ ՀՀ Սահմանադրութեան անհամապատասխան յայտարարել հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Արձանագրութիւնները:
Հայկական երեք աւանդական կուսակցութիւններուն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ), Ռամկավար-Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) կողմէ կազմակերպուած ցոյցին պիտի միանան նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Յիշեցնենք, որ Հայ-Թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Արձանագրութիւնները ստորագրուեցան 2009 Հոկտեմբեր 10ին Ցիւրիխի մէջ: Փաստաթուղթերուն համաձայն, երկիրներուն միջեւ պէտք է հաստատուին դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ բացուի 1993ին փակուած հայ-թրքական սահմանը: