ԿԱԼԿԱԹԱ.- Յունուար 6ին, Կալկաթայի Ս. Նազարեթ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Սուրբ պատարագ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, ուր պատարագած է Հնդկաստանի հայոց հոգեւոր հովիւ՝ Խորէն վրդ. Հովհաննէսեան: Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցած է աւանդական ջրօրհնէքի կարգ:
Օրուան երկրորդ կէսին, Ս. Նազարեթ եկեղեցւոյ վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հայկական մարզական ակումբին մէջ տեղի ունեցած է տօնական հանդիսութիւն մը:
Աւելի քան 200 հիւրերու շարքին, եղած են նաեւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի սաները եւ ուսուցիչները: Երգ ու պարով համեմուած հիւրասիրութիւնը եզրափակուած է «Ձմեռ Պապ»ի այցելութեամբ: