ՍՕՖԻԱ, «ԱրարատՆիուզ».- Թուրք (թրքահայ) փաստաբան՝ Ֆեթհիէ Սեթինի «Մեծ Մայրս» հատորը առաջին անգամ ըլլալով հրատարակուած եւ ներկայացուած է պուլկարերէնով Արարատ Նիուզ հրատարակչատան (ANP) կողմէ:
Գիրքի ներկայացումը տեղի ունեցած է Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սօֆիայի մէջ, Դեկտեմբեր 20ին, ՀԲԸՄի կողմէ կազմակերպուած Ծննդեան համերգին ընթացքին:
Հեղինակ Ֆեթհիէ Չեթին Սօֆիա հրաւիրուած է վերոյիշեալ հրատարակչատան՝ եւ հիւրընկալուած ՀԲԸՄի նախագահ Սոնիա Պետրոսեանի կողմէ:
Աւելի քան 300 անձեր, որոնց մէջ Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սերգէյ Մանասարեան ներկայ եղած են գրքի շնորհահանդէսին: Ֆեթհիէ Չեթին յայտնած է, որ ինք պատիւ կը զգայ հանդիպելու Պուլկարիոյ հայ համայնքին եւ խօսելու իր գիրքին մասին:
«Մեծ Մայրս» գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած է 2004ին Թուրքիոյ մէջ եւ թարգմանուած է հայերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի, յունարէնի, իտալերէնի եւ հոլանտերէնի: