ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսահայ անուանի ֆութպոլիստ եւ մարզիչ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կազմի 1998ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեան Ալէն Պողոսեան ընդգրկուած Է այն 4 թեկնածու մարզիչներուն մէջ, որոնցմէ մէկը պիտի փոխարինէ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլ-խաւոր մարզիչ Ռայմոն Տոմենեկը։
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչի պաշտօնի ամենահաւանական թեկնածու կը համարուի Լորան Պլանի, որուն հետ մէկտեղ՝ պաշտօնին կը յաւակնին նաեւ Ա.Պողոսեան, որ ներկայիս Ռ. Տոմենեկի օգնականն Է Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մէջ եւ նախապէս հանրածանօթ ֆութպոլիստներ Տիտիէ Տեշամպն ու Ժան Տիգանան: