ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Երկուշաբթի, Յունուար 4ի երեկոյան, Նոր տարաւայ եւ Ս. Ծննդեան տօներու առթիւ, Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Թեմական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ Իրանի մէջ Աւստրիոյ դեսպանատան համագործակցութեամբ, տեղի ունեցած է սրբազան համերգ:
Հենտըլի «Մեսիա»յի հատուածներու եւ երկու հայերէն հոգեւոր երգերու կատարմամբ ելոյթ ունեցած են Իրանի մէջ Աւստրիոյ Մշակութային կեդրրոնի քառաձայն երգչախումբը եւ լարային ու փողային նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Վիեննայի համալսարանի երաժշտութեան դասախօս Վիճէյ Ուպադիայայի:
Համերգին ներկայ գտնուած են՝ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Իրանի մէջ ՀՀ դեսպան Գրիգոր Առաքելեան, դեսպանութեան անձնակազմը, քրիստոնեայ հոգեւորականներ, օտարազգի հիւրեր, ԹՀԹ Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական խորհուրդի, ազգ. մարմիններու, միութիւններու եւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչներ եւ մայիսթրօ Լորիս Ճգնաւորեան:
Համերգէն առաջ Սրբազան Հայրը անգլերէն լեզուով բարիգալստեան խօսքով շնորհաւորած է Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօները եւ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրին՝ ակնարկած է, որ այս տարի Հայոց Մեծ Եղեռնի 95րդ տարելիցն է, եւ այս համերգը որպէս աղօթք՝ ընծայաբերուած է 1.5 միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին: