ԱՆԹԻԼԻԱՍ, «Ազդակ».- Հինգշաբթի Յունուար 7ի երեկոյեան ժամը 6։00ին, տեղի ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հրաւէրով գումարուող լիբանանահայ մտաւորականներու հերթական հանդիպման նիստը, որ յատկացուած էր թուրք այլախոհ պատմաբան եւ համալսարանի դասախօս դոկտ. Թաներ Աքչամի հետ զրոյցի մը:
Լիբանանահայ աւելի քան 50 մտաւորականներ ներկայ գտնուած են հանդիպման՝ «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ:
Հաւաքին առաջնորդող խօսքը արտասանելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձած է անոր իւրայատուկ նշանակութեան, երբ գաղութի մտաւորական խաւը կը հանդիպի անձի մը հետ, որ անցնող տասնամեակներուն իրենց արծարծած այնքան հրատապ նիւթին մասին յստակ տեսակէտ ունի՝ տարբեր իր ազգի ու պետութեան արտայայտած կարծիքէն: Հայ մտաւորականութիւնը, որուն հրապարակագրութեան, բանախօսութեան թէ գրականութեան մէջ Մեծ Եղեռնի արհաւիրքը եւ Ցեղասպանութեան փաստը այնքան իրապաշտ գոյներով ներկայացուած էր, հիմա դէմ յանդիման կը գտնուէր ազգութեամբ թուրք, սակայն ճշմարտութեան կողմնակից մտաւորականի մը հետ:
Դոկտ. Աքչամ իր դիմաց գտնելով գաղութի մտաւորական խաւը, կարեւորութեամբ ընդգծած է երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը: Ապա, խօսած է հայութեան տառապանքին մասին՝ անբաղդատելի գտնելով զայն պատմութեան ընթացքին պատահած այլ ժողովուրդներու կրած չարչարանքներուն հետ: Երկուստեք ուսանելի գտած է ան մտածումներու փոխանակումը՝ իբրեւ իրարհասկացողութեան ճանապարհ. «Գործընթաց մը, որուն մէջ ենք ներկայիս ամէնքս» ըսած է ան:
Հանդիպումը շուտով վերածուած է սրտբաց զրոյցի, որ ընկերային, հոգեբանական, կրօնական, աշխարհագրական, քաղաքական, միջազգային եւ այլ երեսներով քննարկումի ենթարկած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կանխամտածուած ու գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Հարց-պատասխանի բաժինը լուսաբանական նոր էջ մը բացած է հանդիպման ներկայ մտաւորականութեան դիմաց՝ առաւել եւս շեշտելով արդարութեան հետեւող հաշտութեան պարագան: Իրաւազրկուած ժողովուրդի մը բռնաբարուած իրաւունքներուն վերադարձը նկատուեցած է նախապայման որեւիցէ հաշտութեան կամ համերաշխութեան:
Հայաստանի ու Թուրքիոյ պետութեանց միջեւ կնքուող համաձայնագիրները ոչ մէկ արժէք ունին, երբ ժողովուրդի մը ամբողջ զգացական աշխարհը տակաւին կը մնայ վիրաւոր, եւ անոր հաւաքական յիշողութիւնը՝ այնքա՛ն անտեսուած:
Հանդիպման աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս իր եզրափակիչ խօսքը արտասանած է՝ նախ գնահատելով հայ մտաւորականութեան անցեալին թէ ներկայիս արտայայտած պահանջատիրական ոգին, խօսքի թէ մանաւանդ գիրի ճամբով: Վեհափառը յատկապէս ըսած է. «Մենք տարբեր դիտանկիւններէ կը նայինք, եւ յաճախ մենախօսութիւն կը կատարենք: Պէտք է գոյութիւն ունենայ կեդրոնական տարածք մը, որուն շուրջ մտածենք: Այդ կեդրոնական կէտը Հայոց Ցեղասպանութիւնն է: Ճշմարտութիւնը անոր շուրջ ի յայտ պիտի գայ, ո՛չ թէ անկէ հեռու»: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծած է նիւթի յստակացման կարեւորութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարուող իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան եւ գրականութեան ուղղուածութիւնը: Պահանջատիրութեան լայն ծիրը աւելի նեղցնել ու յստակացնել թելադրած է վեհափառը, որպէսզի հայկական պահանջատիրութիւնը դառնայ աւելի ուժական ու ազդու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.