ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Դեկտեմբեր 31, 2009ին, Հոլիվուտի մէջ իր մահկանացուն կնքած է շարժապատկերի հայազգի բեմադրիչ Միխայէլ Վարդանով: Ան 72 տարեկան էր:
Վարդանով ծնած էր Ռուսիոյ Կրոզնի քաղաքին մէջ եւ Մոսկուայի մէջ ուսում ստանալէ ետք շարժապատկերի աշխարհէն ներս մուտք գործած էր 1969ին, իր անխօս վաւերագրական գործով՝ «Հայկական հողին գոյնը», ուր ան հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը կը ներկայացնէր Մարտիրոս Սարեանի ստեղծագործութիւններուն հետաքրքրական օգտագործումով: Ֆիլմին մէջ կային նաեւ Վարդանովի մօտիկ բարեկամները՝ այլախոհ նկարիչ Մինաս Աւետիսեանն ու բեմադրիչ Սերկէյ Փարաջանովը: Այս գործին հրապարակումէն ետք, Վարդանով միշտ պայքարած է գրաքննութեան դէմ:
1971ին, Արտաւազդ Փելեշեանի բեմագրութեամբ եւ Տիգրան Մանսուրեանի երաժշտութեամբ անոր պատրաստած շարժապատկերը անաւարտ մնացած է, իսկ Փարաջանովի բանտարկութենէն ետք, երբ ան շարունակեց զայն պաշտպանել, Վարդանով «Արմենֆիլմ»էն պաշտօնազրկուեցաւ, երբ կ՛արտադրէր «Քաջարան» վաւերագրական գործը:
1975ին, ան նկարահանեց Փելեշեանի «Տարուան եղանականեր»ը, իսկ 1979ին, բեմագրեց ու նկարահանեց Կեննատի Մելքոնեանի «Թութի ծառը»:
9 տարուան բացակայութենէ մը ետք, 1984ին ան բեմադրեց «Արմատներ» ֆիլմը, զուգահեռաբար գրելով Փարաջանովի, Փելեշեանի, Գարզուի ու այլ արուեստագէտներու մասին յօդուածներ:
Հայաստանէն հեռանալէ առաջ, ան 1987էն 1992ի միջեւ արտադրեց «æնջուած դէմքեր» ու Մինաս Աւետիսեանի ու Փարաջանովի նուիրուած գործեր, որոնք մրցանակներու եւ գովասանքի արժանացան աշխարհի տարածքին:
Վարդանովի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր, Շաբաթ, Յունուար 9ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Հոլիվուտի Ս. Յովանու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ (1201 Vine St.):