ԾԱՂԿԱՁՈՐ, «Ռատիօլուր».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունուար 8ին խորհրդակցութիւն մը ունեցած է Ծաղկաձորի մէջ, որուն մասնակցած են փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը, Երեւանի քաղաքապետը եւ մարզպետները: Խորհրդակցութիւնը նուիրուած էր հանրապետութեան մէջ իրականացուող տարածքային կառավարման քաղաքականութեան, մայրաքաղաքի ու մարզերու հասարակական-տնտեսական զարգացման 2009ին արձանագրուած արդիւնքներու ամփոփման, ինչպէս նաեւ 2010ին ծրագրուած ընելիքներուն:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են տարածքային կառավարման բարեփոխումներուն, համայնքային եկամուտներու հաւաքագրման եւ տեղական հարկերու ու տուրքերու ոլորտին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարզային տնտեսութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած միտումներուն վերաբերող հարցեր:
«Սերժ Սարգսեանն ընդգծել է քաղաքացիների ու նրանց խնդիրների նկատմամբ տարածքային կառավարման մարմինների առաւել ուշադիր վերաբերմունքի անհրաժեշտութիւնը եւ յանձնարարել ակտիւացնել քաղաքացի-տարածքային կառավարման մարմիններ կապը», ըսուած է նախագահի մամլոյ գրասենեակի տուած հաղորդագրութեան մէջ: