ԵՐԵՒԱՆ.– Յունուար 12ին, ՀՀ Սահմանադարական դատարանը հայ-թրքական արձանագրութիւններու դրոյթները համապատասխան նկատեց ՀՀ Սահմանադրութեան։ Այնուամենայնիւ, խօսելով վճիռին մասին՝ արձանագրութիւններու վաւերացման դէմ պայքարի դուրս եկած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավար մարմնի՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննէսեան Յունուար 14ին կայացած ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ ՍԴ իր որոշման մէջ միաժամանակ մատնանշած է արձանագրութեանց մէջ առկայ որոշ թերութիւններ եւ յստակօրէն տարանջատած արձանագրութիւններէն դուրս եղած (թրքական) նախապայմանները՝ նշելով, որ անոնց իրականացումը Հայաստանի համար պարտադիր չէ:
Ըստ Վ. Յովհաննէսեանի ողջունելի է այն հանգամանքը, որ սահմանադրական դատարանը ընդունած է հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ ՀՅԴի առաջարկած փաստարկները։ Անոր հաւաստումով ՍԴ պարզաբանած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն կարգաւորումը եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը չեն կրնար փոխկապակցուիլ: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին խօսքով՝ ՍԴ իր որոշման մէջ յստակեցուցած է, որ արձանագրութիւններու գլխաւոր առարկան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելն ու երկկողմ սահմանի բանալն է:
Ասուլիսի ընթացքին Վ. Յովհաննէսեան նաեւ յայտարարեց, որ Սահմանադրական դատարանի վճիռը պէտք չէ յուսահատեցնէ պայքարողները: «Մենք այս փաստաթղթով ուժ ենք ստացել եւ այժմ պէտք է պայքարենք, որպէսզի Ազգային Ժողովին վերադարձուի վերապահումներ անելու իրաւունքը», նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը եւ շեշտեց, որ նշեալ վճիռը պէտք է դառնայ ԱԺի ապագայ որոշման հիմքն ու բաղկացուցիչ մասը եւ արձանագրութիւններու քննարկման ժամանակ Ազգային ժողովը պէտք է ամենայն լրջութեամբ վերաբերի փաստաթուղթին զայն դարձնելով վերջնական վճիռի բաղկացուցիչ մաս: «Դրան հասնելու համար իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է ճնշում գործադրի իր կողմից ընտրուած պատգամաւորի վրայ: Հակառակ պարագայում ՍԴ որոշումը կը կորցնի իմաստը, քանի որ այն ներպետական փաստաթուղթ է եւ իրաւական ուժ ունի միայն Հայաստանի համար», նշեց Վ. Յովհաննէսեան, որուն հաւաստումով՝ ՍԴ վճիռը կուսակցութեան համար պայքարի նոր ասպարէզ կը բանայ։