ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Մոսկուա գնաց եւ դեռ այնտեղ գտնուած ատեն Երեւան մեկնեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրով, որ հազիւ Երեւանէն դուրս եկած իրեն կապուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմէդ Տաւութօղլուն: Դեռ Երկուշաբթի օր, Երեւանէն Մոսկուա պիտի մեկնի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Այս այցելութիւններն ու խօսակցութիւնները որեւէ ձեւով կապ ունի՞ն իրար հետ: Այս կեդրոնացած ճիգ մը մատնող շարժումներն ու խօսակցութիւնները արդեօ՞ք կը թելադրեն, որ որոշ ուժեր յաւելեալ լարումով կ՛աշխատին «բեկում» մը մտցնելու համար շրջանային խնդիրներ լուծելու փորձերուն մէջ:
Նախարար Լաւրով, իրեն ուղղակիօրէն տրուած հարցում մը պատասխանելով, իր այցելութիւնը փորձեց անջատել Էրտողանի Մոսկուա այցելութենէն:
Յամենայնդէպս, եթէ նոյնիսկ այս այցելութիւնները զուգադիպութեան արդիւնք են, անոնց ընթացքին քննարկուած հարցերը ու խնդիրները վստահաբար էապէս շաղկապուած են եւ անպայմանօրէն կը վերաբերին թէ՛ Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն:
Թուրքիոյ միակ յոյսը հայ-թրքական յարաբերութիւնները իրենց ներկայ փակուղային վիճակէն դուրս բերելու Ռուսիան է, որմէ թրքական իշխանութիւնները կ՛ակնկալեն, որ ամէն ճիգ թափէ ճնշելու Հայաստանի վրայ՝ զիջումներ կատարելու Ղարաբաղի հարցով: Ռուսիա պիտի երթա՞յ այդ քայլին, պիտի փորձէ միակողմանի զիջումներ կորզել Հայաստանէն:
Լաւրովի այցելութիւնն ու նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մոսկուա հրաւիրուիլը նշաններ են, որ Մոսկուա յանձնառութեան մը տակ մտած է որոշ քայլեր առնելու: Թուրքիան ալ բացայայտ անհաբերութիւն ցոյց կու տայ այս ուղղութեամբ, քայլ առ քայլ հետեւելով Լաւրովի շարժումներուն:
Յառաջիկայ օրերուն, այս «անկապ» այցելութիւններէն ու խօսակցութիւններէն յայտնի պիտի դառնայ ի վերջոյ, որ Հայաստան իրապէս ռազմավարական դաշնակիցն է Ռուսիոյ թէ՝ անոր ենթակայ նահանգ մըն է, որուն կարելի է իր իսկ շահերուն դէմ քայլեր առնել պարտադրել:
Շատեր պիտի պնդեն, որ իրենց համար յայտնի է այս հարցին պատասխանը: