ՄԱԿՏԵՊՈՒՐԿ, «Նոյեան Տապան»-«Հայերն Այսօր».- Յունուար 9ին, Գերմանիոյ Մակտեպուրկ քաղաքին մէջ, միջին կշիռքի Խորէն Գեւոր (31-4-0, 16 ք.) հանդիպած է Ճեֆըրսըն Լուիս Կոնզալոյի հետ (19-8-3, 10 ք.): Բռնցքամարտիկները անցած են բոլոր տաս «ռաունտ»երը, որոնց աւարտին մրցավարները միաձայնութեամբ յաղթող համարած են Գեւորը հետեւեալ արդիւնքով՝ 96-94, 98-94, 99-91: