ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնրփէս».- Ռուսիոյ մէջ գործող Ատրպէյճանի դեսպանատունը Յունուար 16ին բողոք յղած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Տումայի փոխխօսնակ Վլատիմիր Ժիրինովսքիի յայտարարութեան վերաբերեալ:
Յիշեցնենք, որ Վ. Ժիրինովսքի վերջերս լաթվիական «Neatkarigas Rita Avize» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած էր. «Եթէ Լեռնային Ղարաբաղը ինք հռչակէ իր անկախութիւնը, ապա Ռուսիա պէտք է ճանչնայ զայն»:
Ըստ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլհան Պոլուխովի, դեսպանատան նամակին մէջ բողոք յայտնուած է Ռուսիոյ խորհրդարանի փոխխօսնակի նշեալ կոչին ուղղութեամբ եւ նշուած, թէ Տումայի ներկայացուցիչներու նման յայտարարութիւնները չեն համապատասխաներ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ոգիին: