ԿԱՊԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Տինօ Կոլտ Մէյնինկ Քամփընի» փակ բաժնետիրական ընկերութեան (ՓԲԸ) ստորգետնեայ հանքի բանուորները Յունուար 17ին կրկին գործադուլ յայտարարած են: Անոնց հիմնական պահանջքը աշխատավարձերու յաւելումն է. անոնց աշխատավարձերը տնտեսական ճգնաժամին պատճառով զգալիօրէն նուազած էին նախորդ տարի: Ըստ համաձայնութեան, նշեալ օրը անոնք պիտի հանդիպէին ընկերութեան ղեկավարութեան հետ եւ պիտի ներկայացնէին իրենց պահանջները։