ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Արեւ» ծրագրի ծիրէն ներս, այս տարի եւս 20 կոյր պիտի մասնակցի համակարգչային դասընթացքներու: Ըստ նախարարութեան հաշմանդամներու եւ տարեցներու հիմնահարցերու վարչութեան բաժնի պետ Գարմենա Պետրոսեանի, նշեալ դասընթացքները պիտի օգնեն, որ տեսողութեան դժուարութիւն ունեցող մարդիկ առաւել հեշտութեամբ մաս կազմեն հասարակութեան: Դասընթացքներու աւարտին իւրաքանչիւր հաշմանդամի պիտի տրամադրուի մէկական համակարգիչ:
Նշենք, որ սոյն ծրագիրը իրականացած է նաեւ նախորդ տարի, եւ անոր մասնակցած է 20 կոյր։