ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 19ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան գլխաւոր մանկաբարձ, փրոֆ. Ռազմիկ Աբրահամեան յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ անպտղութեան ցուցանիշը կանանց մօտ շուրջ 16.5 տոկոս է, իսկ տղամարդոց՝ 4-5 տոկոս: Ըստ անոր, 15-20 տարի առաջ այդ ցուցանիշը գրեթէ կրկնակի աւելի էր, իսկ բարելաւումը մասնագէտը կը կապէ կառավարութեան կողմէ իրականացուող հետեւողական աշխատանքին եւ Հայաստանի մէջ առկայ նորագոյն գիտարուեստներու կիրառումով կատարուող արհեստական բեղմնաւորման:
Մասնագէտին հաւաստումով, ԱՊՀ երկիրներուն մէջ Հայաստանը բժշկական այս միջամտութեան իրականացման արդիւնաւէտութեամբ կը գտնուի առաջատար դիրքերու վրայ:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ վերարտադրողական առողջութեան խնդիրները ժամանակին կանխարգիլելու նպատակով, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացող պետական ծրագիրի ծիրէն ներս, 15 տարեկան բոլոր աղջիկները կ՛ենթարկուին բժշկական քննութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.