ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) պատմութեան, ցեղասպանութեան եւ հնագիտութեան հիմնարկներու համատեղ գործակցութեամբ, Յունուար 19ին, ԳԱԱի մէջ տեղի ունեցած է գիտաժողով՝ նուիրուած Պաքուի հայութեան կոտորածներու 20ամեայ տարելիցին:
Գիտաժողովին խօսք առած են ԳԱԱ հայագիտութեան բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Վլադիմիր Բարխուդարեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լարիսա Ալաւերդեան, Հանրային խորհուրդի անդամ, պետական, քաղաքական գործիչ Վլադիմիր Մովսիսեան, ռուս պատմաբան եւ քաղաքագէտ Վլադիմիր Զախարով, ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար, քաղաքական գործիչ Արման Մելիքեան։
Ըստ պատգամաւոր Լ. Ալաւերդեանի, Պաքուի հայութեան կոտորածներուն պատճառը այն է, որ Ցեղասպանութիւնը գիտականօրէն ամբողջութեամբ ուսումնասիրուած չէ: «Դրանք շարունակւում են, քանի որ իրականացնողներն ու հեղինակներն անպատիժ են մնում», նշած է ան:
Վլադիմիր Մովսիսեանի հաւաստումով, Ատրպէյճանի պետութիւնը հայերու տեղահանման սկսած է 1905-1906 թուականներէն՝ «իրականցնելով դա բռնի կերպով՝ կոտորածների միջոցով: Խորհրդային տարիներին այդ ամէնն արուել է քօղարկուած», նշած է քաղաքական գործիչը։
Ռուս պատմաբան, քաղաքագէտ Վլադիմիր Զախարովի խօսքով, 20 տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները տակաւին չեն գտած իրենց լրիւ արտացոլումը, լուսաբանումն ու քննադատութիւնը: «Իբրեւ քաղաքագէտ եւ պատմաբան՝ լաւատեղեակ եմ, որ Ատրպէյճանի մէջ պարբերաբար լոյս կը տեսնէ մեծ քանակութեամբ գրականութիւն, ուր սումկայիթեան ու Պաքուի դէպքերուն մէջ կը մեղադրուին հայերը: Կարծես հայերը իրենք զիրենք սպաննած ըլլան: Բայց ամենավատը այն է, որ արեւմուտքի երկիրները եւս կը հաւատան այդ բոլորին», ըսած է ռուս պատմաբանը՝ աւելցնելով. «Հարկաւոր է, որ այս բոլորին մասին հայկական գրականութիւնը թարգմանուի եւ հրատարակուի ոչ միայն ռուսերէնով, այլ նաեւ անգլերէնով»։
«Քարոզչութեան հարցում գուցէ մենք տանուլ ենք տուել, սակայն այժմ արւում է հնարաւորը՝ միջազգային ասպարէզում իրադարձութիւնները ճշմարտացիօրէն ներկայացնելու համար: Սակայն այս ամէնը պէտք է կատարուի ոչ միայն հասարակական, գիտական մակարդակներով, այլեւ՝ պետական լուրջ մօտեցումով», իր խօսքին մէջ ընդգծած է ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէնը։
Իսկ ըստ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարարին, հայկական պետութիւնը իր քաղաքականութեան մէջ պէտք է որդեգրէ նոր գիծ մը, որպէսզի միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ ամէն ինչ ներկայացուի ամբողջութեամբ: Նախարարը համոզուած է, թէ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան մէջ պէտք է պատշաճ կերպով ներկայացուին եւ պաշտպանուին Ատրպէյճանի հայերուն շահերը, որոնք, ըստ իրեն, պէտք է բարձրացուին քաղաքական մակարդակի, իսկ այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատին թէ՛ իշխանութիւնները, թէ՛ հասարակական կազմակերպութիւնները եւ թէ մտաւորականները:
Գիտաժողովին ընթացքին ցուցադրուած է նաեւ լրագրող Մարինա Գրիգորեանի «Պաքու. 1990 Յունուար. սովորական ցեղասպանութիւն» փաստավաւերագրական շարժանկարը, որ նկարահանուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի աջակցութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.