ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Աբխազիոյ քաղաքացի, ազգութեամբ հայ Ռուզաննա Դանիէլեան, որ ՄԱԿի առաքելութեան կազմին հետ կը գտնուէր Հայիթի, այժմ կը գտնուի Տոմինիքեան հանրապետութիւն եւ ըստ Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, ան չէ տուժած երկրաշարժի հետեւանքով: Յիշեցնենք, որ Քարիպեան աւազանին համար աննախադէպ հզօր երկրաշարժը տեղի ունեցաւ Հայիթիի մէջ, Երեքշաբթի, Յունուար 12ին: Տարբեր տուեալներով, աղէտի պատճառով զոհուած է շուրջ 200 հազար մարդ, իսկ տուժողներուն թիւը կը հասնի 3 միլիոնի: