ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, Յունուար 19ին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ գործող Եւրոմիութեան (ԵՄ) խորհրդատուական խումբը, որուն անդամներուն վարչապետը ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող կաշառակերութեան դէմ մղուած քաղաքականութիւնը, հարկային ու մաքսային ոլորտներու մէջ կատարուող բարեփոխումները, մասնաւորապէս՝ թափանցիկ կառավարման համակարգի զարգացումը։
Կողմերը քննարկած են Ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի կնքման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները, անդրադարձած են մտաւոր սեփականութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու զարգացման հնարաւորութիւններուն: Անոնք ընդգծած են պետական պարտքի կառավարման ոլորտին մէջ ընթացող աշխատանքներու կարեւորութիւնը եւ ելեւմուտի նախարարութեան համապատասխան կառոյցներու կարողութիւններուն ամրապնդումը, ուր կարեւոր համարուած են պետական կառավարման ոլորտէն ներս մասնագէտերու պատրաստման եւ վերապատրաստման խնդիրները: