ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի պետական լրատուամիջոցները Երեքշաբթի, Յունուար 19ին հաղորդեցին, թէ զինեալներ, երկրին հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ, իր բնակարանին առջեւ ահաբեկած են դատախազ մը։ Երկուշաբթի ուշ գիշեր, երկու զինեալներ Թեհրանէն 780 քիլոմեթր հիւսիս արեւմուտք գտնուող Խոյ քաղաքին մէջ կրակ բացած են Վալի Հաճղոլիզատէի վրայ, որ աւելի ուշ մահացած է հիւանդանոցին մէջ։ Խոյ գիւղը կը գտնուի Թուրքիոյ հետ սահմանին մօտակայ շրջանին մէջ, որ յաճախ թատերաբեմ դարձած է քիւրտերու եւ իրանեան ապահովական ուժերու միջեւ բախումներուն։ «Փրէս Թի.Վի.» հաղորդեց, թէ դատախազը քանի մը օր առաջ սպառնալիքներ ստացած էր։ Խոյի քաղաքապետի գրասենեակէն Էպրահիմ Մազրայէլի յայտնեց, որ Հաճղոլիզատէ «հողերու իւրացման, զեղծարարութեանց եւ հակայեղափոխականներու դէմ պայքարին մէջ կարեւոր իրագործումներ արձանագրած էր»։ Իրանցի պաշտօնատարներ սպանութեան պատասխանատու համարեցին շրջանի քիւրտ զինեալները:
Անցեալ շաբաթ ականի մը պայթումին պատճառով սպաննուեցաւ Թեհրանի համալսարանէն հիւլէական բնագէտ մը։ Ոչ ոք ստանձնեց սպաննութեան պատասխանատուութիւնը, սակայն իրանցի պաշտօնատարներ անոր պատասխանատուն համարեցին Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները: