ՓՈՐԹ-Օ-ՓՐԷՆՍ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 19ին, Հայիթի հարուածած ուժգին երկրաշարժէն գրեթէ մէկ շաբաթ ետք, փրկարար ջոկատներ քանի մը ողջ քաղաքացիներ կրցան դուրս բերել աւերակներուն տակէն, սակայն կը կարծուի, թէ այսուհետեւ միայն դիակներ կարելի պիտի ըլլայ դուրս բերել քանդուած բնակարաններէն: Ըստ տարբեր տուեալներու, զոհերուն վերջնական թիւը կրնայ 100,000էն 200,000ի միջեւ ըլլալ, սակայն տեղական իշխանութիւնները կը յայտնեն, թէ արդէն իսկ 70,000 դիակ յայտաբերուած է: Կան նաեւ աւելի քան քառորդ միլիոն վիրաւորներ եւ 1.5 միլիոն անտուններ:
Այս բոլորին մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն վերջին քանի մը օրերուն, շեշտը սկսաւ դրուելու յատկապէս մայրաքաղաքի կարգ մը շրջաններուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու աշխատանքին վրայ, որովհետեւ կացութիւնը սկսած էր հակակշիռէ դուրս գալ:
Ամերիկեան բանակը արդէն իսկ քանի մը հազար զինուոր ուղարկած է Հայիթի. անոնք Երեքշաբթի օր իրենց հսկողութեան տակ առին նաեւ նախագահական պալատը, մինչ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը որոշեց յաւելեալ երկու հազար խաղաղապահներ տրամադրել Հայիթիի ուժին, որ արդէն իսկ 7000 անդամ ունի: