ՔԻԵՒ.- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը Երկուշաբթի, Յունուար 18ին կը հաղորդէ, որ Կիրակի օր կայացած Ուքրանիոյ նախագահական ընտրութիւններու նախնական տուեալներուն համաձայն, առաւելագոյն ձայները ստացած երկու թեկնածուները՝ ռուսամէտ ընդդիմութեան ղեկավար Վիքթոր Եանուքովիչ եւ վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքօ, նախագահութեան պաշտօնին համար պիտի մրցին ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 7ին։
Ուքրանիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը հրապարակած է նախնական արդիւնքները, որոնց համաձայն, թեկնածուներէն ոչ մէկը յաջողած է ստանալ քուէներու աւելի քան 50 առ հարիւրը՝ առաջին հանգրուանին իսկ յաղթանակ ապահովելու համար։
Շրջաններու կուսակցութեան ղեկավար Եանուքովիչ ստացած է քուէներուն շուրջ 35.4 առ հարիւրը, մինչ արեւմտամէտ վարչապետ Թիմոշենքօ՝ 25 առ հարիւրը:
Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եուշչենքօ, որ իշխանութեան հասաւ 2004ի Նարնջագոյն յեղափոխութեամբ, ստացած է քուէներուն մօտաւորապէս 5 առ հարիւրը։