ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Պըրպենքի, Կլենտէյլի եւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքները Ապրիլ 13ին դէմ յանդիման պիտի գան կարեւոր մարտահրաւէրի մը: Արդարեւ, այդ օրը նշանակուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախկին անդամ Փօլ Գրիգորեանի փոխարէն՝ թիւ 43 ընտրաշրջանը ներկայացնող նոր անդամի ընտրութեան օր: Գրիգորեան թողելով այդ պաշտօնը՝ ընտրապայքար մղեց եւ ընտրուեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, դառնալով առաջին հայը, որ կը տիրանայ այդ աթոռին:
Թիւ 43 ընտրաշրջանը կարելի է նկատել Հայաստանէն դուրս հայկական մեծագոյն քուէն ունեցող տարածք: Այնքան նշանակալից է այստեղ հայերու քուէներուն թիւը, որ շատեր, հայ թէ օտար դիտորդներ, այս շրջանը կը համարեն «հայկական ընտրաշրջան»:
Մեզի կը մնայ, պարզապէս, ընտրել թեկնածու մը, որ այդ բարձր պաշտօնին վրայ պիտի կարենայ մեր շահերը պաշտպանել՝ տեղական, քաղաքային թէ նահանգային մակարդակներու վրայ: Օրինակ, եթէ պարտուինք թիւ 43ի ընտրութիւններուն, վտանգի պիտի ենթարկուի Կլենտէյլի յառաջիկայ ընտրութիւններուն հայանպաստ թեկնածուներուն յաղթանակը: Եթէ պարտուինք 43ի ընտրութիւններուն, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դասաւանդումները նահանգի տարածքի դպրոցներուն մէջ նահանջ պիտի արձանագրեն: Պարտութիւնը թիւ 43ի ընտրութիւններուն պիտի մղէ շատերը մտածելու, թէ հայկական համայնքը կազմակերպուած չէ, ընտրական ուժ չի ներկայացներ, եւ ուրեմն՝ կարելի է անտեսել անոր կարիքներն ու շահերը:
Ապրիլ 13ի արտահերթ ընտրութիւններու հետեւանքները զգալի պիտի ըլլան մեր կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ՝ երկար տարիներ: Հետեւաբար, պէտք է բոլորս միանանաք ու թիկունք կանգնինք մէկ թեկնածուի: Օր մը այդ թեկնածուն կրնայ հայ չըլլալ: Բայց այս հանգրուանին անհրաժեշտ է, որ ան ըլլայ մեր համայնքի զաւակներէն մէկը, ամէնէն արժանաւորը այդ պաշտօնին համար, արժանաւոր իր ուսմամբ, իր փորձառութեամբ եւ ամէնէն կարեւորը՝ արժանաւոր՝ իբրեւ ընտրելի, քուէ հաւաքելու ատակ թեկնածու: Հակառակ հայկական քուէներու մեծ համեմատութեան, պէտք է գիտակցիլ, որ այդ տարածքին մէջ միայն ու միայն հայկական քուէով կարելի չէ յաղթանակ ապահովել, այլ պէտք է այդ տարածքի բնակչութեան բոլոր հատուածներուն ծանօթ անուն ներկայացնել:
Ապրիլ 13ին, թեկնածուներու թիւի, քանակի եւ պայքարի մէջ մտած դեմոկրատ, հանրապետական, կանաչներու ու ազատականներու կուսակցութեանց թէժ մրցակցութեան պատճառով, հաւանաբար ո՛չ մէկ թեկնածու կարենայ հաւաքել ընտրուելու համար անհրաժեշտ քուէներուն յիսուն տոկոսը, եւ կրկին քուէարկութեան օր նշանակուի Յունիսին: Այս պայմաններուն տակ, մեզի համար դաս պէտք է ըլլան Կլենտէյլ քաղաքի վերջին ընտրութիւններու արդիւնքները, երբ հայկական քուէի տարտղնումի պատճառով, տխուր արդիւնքներ ձեռք ձգեցինք՝ կորսնցնելով հայկական երկու աթոռներ: Յիշենք այդ դասերը եւ փորձենք վեր կանգնիլ անձնական նեղ շահերու հետապնդումէն, ու դիրքորոշուինք ի նպաստ համայնքի ընդհանուր շահերուն:
Գիտենք, որ դիւրին պիտի չըլլայ նման համախոհութեան մը հասնիլը: Գիտեքն նաեւ, որ պիտի ըլլան արտաքին միջամտութիւններ, որոնք պայքարի դաշտ պիտի մղեն չընտրուող թեկնածուներ, անկարելի դարձնելու համար մեր քուէներու կեդրոնացումը: Մենք պէտք չէ թոյլ տանք, որ նման միջամտութիւններով մարդիկ յաջողին փոշիացնել հայկական քուէները:
Քաղաքականօրէն կենսունակ համայնք մը ըլլալու մեր ցանկութիւններու իրականացումը կախեալ է այս ընտրատարածքի քուէարկութեանց արդիւնքներէն: Յաղթանակ ապահովելու համար, բացի ճիշդ թեկնածուն ընտրելէ, պարտաւոր պիտի ըլլանք լուրջ եւ լայնածաւալ աշխատանքի անցնելու: Պէտք է կազմակերպուինք, նոր քուէարկողներ ցուցակագրենք եւ անհրաժեշտ նիւթական միջոցները ապահովենք: Պէտք է մաս կազմենք ընտրական այս գործընթացին: Ատիկա մեր իրաւունքն է ու պարտականութիւնը: