ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Յունուար 22ին, Յորդանանի իր պաշտօնակից Նասըր Ճեւտէի հետ տուած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, անդրադարձած է Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ՝ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի կայացուցած որոշումին:
Թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան հաղորդումով, Տաւութօղլու ամբաստանած է Հայաստանը արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը ձգձգձելով, պնդելով, որ Թուրքիա այս գործընթացին մէջ աւելի առաջ ինկած է, քան Հայաստանը, եւ իբրեւ փաստ այդ յաւակնութեան՝ յայտնած է, թէ թրքական կողմը, ցիւրիխեան ստորագրումէն մէկ շաբաթ ետք, արձանագրութիւնները ուղարկած է խորհրդարան, իսկ Հայաստանը, նախքան խորհրդարան ուղարկելը՝ զանոնք ներկայացուցած է Սահմանադրական դատարան:
«Մեզի համար ալ կարեւոր է, որ պահպանուին արձանագրութիւններու ոգին եւ տառը: Այդ տառին եւ ոգիին հակասող որոշ սահմանփակումները, կամ արձանագրութիւններուն մասնատումն ու անոնց որոշ հատուածներու նախապատուութիւն տալու ջանքերը, իրականացման ճանապարհին վրայ որոշ բաժիններու վերադասաւորումները, ի հարկէ, կը հակասեն արձանագրութիւններու ոգիին եւ բովանդակութեան», յայտնած է Տաւութօղլու:
Թուրք նախարարը նաեւ նշած է, թէ Անգարա սոյն հարցին առնչութեամբ ունեցած իր բոլոր մտահոգութիւնները արդէն իսկ յայտնած է հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացի շահագրգիռ կողմերուն:
Նշենք, որ թրքական «Հուրհապեր» կայքը յայտնած է, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու հեռախօսով կապուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ անոր հետ քննարկած է հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերող՝ Հայաստանի հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի ընդունած որոշումը:
Թրքական այլ աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին որոշումը կիրքեր բորբոքած է Թուրքիոյ խորհրդարանական շրջանակներէն ներս: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Յունուար 21ի փակ նիստին ընթացքին, Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի՝ Ժողովրդա-հանրապետական եւ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւններու անդամները խորհրդարանէն պահանջած են անմիջապէս կառավարութեան վերադարձնել արձանագրութիւնները:
Թրքական կառավարութիւնը, իր կարգին, ձեռնարկած է աշխատանքի՝ իրաւական գնահատական տալու համար Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումին: Ըստ թրքական կողմին, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի վերապահումները կը խախտեն միջազգային օրէնքները:
SBASSE AESHES VOR AMARE KAA