ԱԹԷՆՔ.- Արամ Ա. կաթողիկոս անցեալ շաբաթ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունաստան՝ ընդառաջելով Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Հերոնիմոս Բ.ի հրաւէրին: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին ու նախագահին հետ: Ան նաեւ այցելեց Աթէնքի Քոքինիա շրջանի Ս. Գրիգիոր Լուսաւորիչ եկեղեցին:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ այցելութեան առթիւ վեհափառը դիմաւորելու եկած էին Աթէնքի ու շրջանի պատասխանատու մարմինները եւ ժողովուրդը: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակմուտքի արարողութիւն: Ապա, խօսք առնելով՝ Յունաստանի հայոց առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանը ողջունեց վեհափառին այցելութիւնը Յունաստան: Ան ըսաւ, որ պատմական օրեր եղան վերջին երկու օրերը ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Յունաստանի հայ գաղութի կեանքէն ներս: Ան յայտնեց, թէ վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպումներու ընթացքին, պետութեան ու եկեղեցւոյ բարձրաստիճան պատասխանատուները բարձր յարգանքով ու գնահատանքով խօսեցան Յունաստանի հայ համայնքին մասին, մեր ժողովուրդի զաւակները նկատեցին պարկեշտ, հաւատարիմ ու աշխատասէր քաղաքացիներ: Ապա Առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը՝ իր պատգամը փոխանցելու ժողովուրդին:
Իր հայրապետական պատգամին սկիզբը Արամ Ա. կաթողիկոս նախ իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին՝ անոր նուիրեալ ծառայութեան համար. ողջունեց թեմի բոլոր մարմինները ինչպէս նաեւ հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւնները՝ գնահատելով անոնց եկեղեցանուէր ու ազգասէր ծառայութիւնը: Ժողովուրդին ուղղելով իր խօսքը՝ վեհափառը ըսաւ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ իր այս այցելութիւնը միջ-եկեղեցական բնոյթ ունէր, սակայն ինք անպայման ուզեց ըլլալ իր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: «Մեզի համար ամէնէն կարեւորը մեր ժողովուրդն է: Մենք մեր ուժը եւ ուղղութիւնը կ՛առնենք մեր ժողովուրդէն: Մեր ծառայութեան դաշտը ու նպատակը դարձեալ մեր ժողովուրդն է: Մենք նաեւ պարտաւոր ենք մեր ժողովուրդին ձայնը դառնալու ու կամքը արտայայտելու: Չմոռնանք, Հայրենիքը հող ու պետութիւն ըլլալէ առաջ մեր ժողովուրդն է, եկեղեցին քար ու նուիրապետութիւն ըլլալէ առաջ՝ մեր ժողովուրդն է», յայտնեց վեհափառը:
Ապա ան անդրադարձաւ աղօթքի կարեւորութեան՝ ըսելով. «Քրիստոնեայ մարդուն կեանքը աղօթքով պէտք է լեցուի ու իմաստաւորուի: Քրիստոս ըսաւ միշտ աղօթեցէք, մի՛ ձանձրանաք աղօթելէ: Աղօթքը Աստուծոյ հետ ըլլալ է, Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ է, Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ ըլլալ է: Թերեւս առաջին հերթին զարմանալի թուի այս երեւոյթը, թէ ինչպէ՞ս կարելի է Աստուծոյ հետ ըլլալ, բայց չմոռնանք որ նախ Աստուած մեզի հետ եղաւ իր Որդւոյն ճամբով եւ ցոյց տուաւ մեզի Աստուծոյ հետ ըլլալու ճշմարիտ ճամբան»:
Իր խօսքի վերջին բաժինով Արամ Ա. վեհափառ շեշտեց քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը. «Առանց հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու, մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր ճշմարիտ դիմագիծը ու հարազատ ճամբան: Հայ ընտանիքը ու հայ դպրոցը յատուկ կարեւորութիւն պէտք է ընծայեն քրիստոնէական դաստիարակութեան: Եթէ նոյնիսկ այսօր կեանքի պայմաններուն հետեւանքով կրօնական դաստիարակութիւնը այնքան կազմակերպուած չէ մեր դպրոցներէն ներս, հայ ընտանիքը պէտք է կատարէ դպրոցին դերը. այս ուղղութեամբ մեր ծնողները ճակատագրական դեր ունին կատարելիք», շեշետեց վեհափառ հայրապետը:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահինին մէջ տեղի ունեցաւ Աջահամբոյր: Վեհափառ հայրապետը ողջունելու եկած էին Յունաստանի խորհրդարանի փոխնախագահը եւ շրջանի երեսփոխանները:
Արամ Ա. կաթողիկոս նոյն պատիւով ու յարգանքով վերադարձաւ Անթիլիաս, Կիրակի 17 Յունուարի յետմիջօրէին: Օդակայան ողջերթի եկած էին կառավարութեան ներկայացուցիչներ, Յունաստանի հոգեւոր պետը ներկայացնող եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Յունահայ գաղութի առաջնորդը եւ Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանները: Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ խօսք առնելով՝ վեհափառ հայրապետը իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յատնեց Յունաստանի պետութեան, եկեղեցիին ու ժողովուրդին՝ հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին նկատմամբ անոնց ցոյց տուած սիրոյ ու յարգանքին համար: