ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն անցեալ Հինգշաբթի, 21 Յունուարին, հրապարակեց եւ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը.
Տեղական եւ շրջանային զարգացումներուն ծիրին մէջ վերջերս կը նշմարենք տուեալներ եւ նախաձեռնութիւններ՝ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապներուն լուծման համար Թուրքիոյ առանցքային դերակատարութիւն ընծայելու, ինչպէս նաեւ կը տեսնենք, թէ սպառողական, մշակութային թէ մտաւոր մարզերուն մէջ կը կատարուի թրքական արտադրութեանց «ներխուժում» մը, որ մեզի մէկ դար առաջ կը փոխադրէ։
Մենք կը շեշտենք բոլոր պետութիւններուն եւ յատկապէս շրջակայ երկիրներուն հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունենալու անհրաժեշտութիւնը, եւ անշուշտ կը հասկնանք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, սակայն կ՛ընդգծենք, որ այդ յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան հաւասարակշռուած եւ անոնց մէջ նկատի պէտք է առնուին քաղաքացիներուն մտավախութիւնները, որոնք կը ներկայացուին տնտեսական ներթափանցումով, որ վնաս պիտի պատճառէ լիբանանեան ազգային ճարտարարուեստին եւ լիբանանեան աշխատուժին, ինչպէս նաեւ ընկերային-մշակութային ներթափանցումով, որ կը հիմնաւորուի արաբերէնի թարգմանուած թրքական ֆիլմաշարերու սփռումով եւ ուղղակի վնաս կը հասցնէ պատկերասփիւռի տեղական արտադրութեան եւ լիբանանցի ու արաբ դերասաններուն եւ բեմադրիչներուն։
Իսկ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ արժանացած ողջոյնին եւ լիբանանեան շրջանակներ ներթափանցումին զուգահեռ կը լսենք քանի մը օր առաջ՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաքը ընդունելու ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ Թուրքիա բացառիկ յարաբերութիւններ ունի թշնամի Իսրայէլի հետ։
Թուրքիոյ պատմութիւնը եւ շրջանին ու յատկապէս Լիբանանի մէջ անոր թողած արհաւիրքները կարելի չէ որակել իբրեւ երկու պետութիւններու միջեւ պատմական յարաբերութիւններ, բացի այդ յարաբերութիւններուն ժխտական իմաստ տալով։ Հետեւաբար կարելի չէ նախատեսել, որ Թուրքիոյ կողմէ շրջան ներթափանցումը դրական պիտի ըլլայ շրջանին համար, հետեւաբար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը ստանձնէ վտանգի փողերը հնչեցնելու յանձնառութիւնը եւ կը զգուշացնէ այս յարաբերութիւնները նոյն թափով շարունակելու վտանգներէն՝ առանց դասեր քաղելու անցեալէն եւ այդ յարաբերութիւններուն հետապնդած իսկական նպատակներէն։