ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգներու շարժապատկերի սրահներուն մէջ անցեալ Ուրբաթ, Յունուար 15ին սկսաւ ցուցադրուելու «Իլայի գիրքը» անունը կրող ժապաւէնը, որուն գլխաւոր դերակատարն է Հոլիվուտի աստղերէն Տենզէլ Ուաշինկթըն։ Ժապաւէնի բեմադրիչներն են՝ ծագումով հայ Ալպըրթ եւ Էլըն Հիւզ զոյգ եղբայրները, որոնք յայտնի են իրենց նախկին՝ «Դժոխքէն», «Տէտ փրէզիտընթս» եւ «Մէնըս թու սոսայիթի» ժապաւէններով։
«USA Today»ի մէջ, Յունուար 14ին հրապարակուած յօդուածի մը մէջ, բեմադրիչ Ալպըրթ Հիւզ, խօսելով իր եւ եղբօր անցեալին մասին՝ նշած է. «Մարդիկ միշտ մեզ որակած են «սեւամորթ բեմադրիչներ»։ Ես միշտ ատած եմ այդ որակումը, որովհետեւ մենք կիսով հայ ենք եւ կիսով՝ սեւամորթ»։
Նշենք, որ Հիւզ եղբայրները ծնած են Տիթրոյիթ։ Ափրիկածին ամերիկացի հայրը զիրենք լքած է, երբ ըaնդամէնը երկու տարեկան էին։ Այնուհետեւ իրենց «անդրդուելի ֆէմինիսթ» մայրը, որ ազգութեամբ հայ է, զաւակները փոխադրած է Քալիֆորնիոյ Փոմոնա քաղաքը։
Հիւզ եղբայրները յաճախ կը խօսին իրենց հայկական արմատներուն մասին։ Օրինակի համար, 2005ին Հրակ Վարդանեանի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ալպըրթ Հիւզ ըսած է. «Երբ մենք սկսանք ժապաւէններ նկարահանելու, հայեր կ՛աջակցէին մեզի, մինչդեռ սեւամորթները գրկաբաց չընդունեցին մեր գործունէութիւնը, որովհետեւ մեզի կիսով սպիտակամորթ կը նկատէին։ Հայկական կողմը, սակայն, միշտ ողջունած է մեզ։ Հայերը շռայլ ու համեստ են։ Արդեօք ատիկա հայ ազգի՞ն բնորոշ գիծն է։ Ես երբեք ագահ չեմ եղած եւ ատիկա կու գայ իմ հայկական արմատներէն»։
Յայտնենք, թէ անցնող շաբաթավերջին, անոնց նորագոյն ֆիլմը 31,615,000 տոլար գոյացուցած էր ամերիկեան շարժապատկերներու սրահներուն մէջ:
assonts neman Pascal’ Legitimus m’en al menk ounink hoss
ge tevi te haygagan dziner’e aveli oujegh yen gam gellan
hoss e tsghine haverkoutian kaghdnik’e
yess hamozvadz yem
isg touk???????????????????????????????
vribag
gartal ; tseghine haverjoutian kaghdnik’e!!!